Շարլ Ազնաւուր արտակարգ խանդավառութիւն ստեղծած է Մոսկուայի մէջ, ուր տուած է իր առաջին երգահանդէսը:
Ծանրախոհ «Լը Մոնտ»ի թղթակիցը չի վարանիր գրելէ, թէ Շ. Ազնաւուր Մոսկուայի մէջ ֆրանքեւխորհրդային դիւանագիտական յարաբերութեանց «ձիւնհալ»ին մէկ գլուխն է: Երգիչը մասնաւոր շնորհաւորութիւններ ստացած է բանաստեղծ Եւտուշենքոյէն՝ «Լա մամմա» երգին համար: Մշակոյթի առաջին փոխնախարար Քուզնեցով անձնապէս շնորհակալութիւն յայտնած է Շարլ Ազնաւուրին, որ «նոր արուեստ մը ցոյց տուած է Միւզիք Հոլի մասնագէտներուն»: Միշել Թաթիւ կ՛եզրակացնէ. «Ամէն մարդ համաձայն է ըսելու համար, որ Շարլ Ազնաւուր մասնաւորաբար մեծ յաջողութիւն մը պիտի ունենայ Հայաստանի մէջ, Երեւան: Մոսկուայի հայերը արդէն առաջին փաստ մը տուին»:
Ֆրանսագիր մամուլն ու ձայնասփիւռը լայն տեղ կու տան Շ. Ազնաւուրի մեկնումին դէպի Հայաստան եւ «Օրոր» կը խորագրէ՝ «Ուխտագնացութիւն ի Հայաստան»: Շարլ Ազնաւուր մեկնումի պահուն յայտարարած է մամուլին. «Ամէն բանէ առաջ ուխտագնացութիւն մը պիտի կատարեմ նախնեացս հողին վրայ: Երեւան, մեծ մայրս պիտի ճանչնամ, հօրեղբայրներս, հօրաքոյրներս, վերջապէս՝ մօտ հարիւր հոգի: Գալով Ա. Միկոյեանի հետ տեսակցութեանս, շատ խօսուեցաւ այդ մասին, ցարդ որոշ բան մը չկայ»: Այս մեկնումին առիթով ֆրանսական պատկերասփիւռը առաջին անգամ ըլլալով գործածած է յատուկ քամերաներ, որոնք թոյլ կու տան պատկերներուն անմիջական սփռումը: Ելեկտրոնային այս գործիքները միակն են աշխարհի մէջ եւ թոյլ կու տան, որ պատկերասփիւռը ունենայ նոյն առաւելութիւնները, ինչ որ ձայնասփիւռը, անմիջական սփռումի, առանց նախապէս պատրաստութիւններ տեսնելու: Շարլ Ազնաւուր 25 վայրկեան երգեց առջի իրիկուն պատկերասփիւռէն, զանազան լեզուներով, բայց մեկնումի պահուն յայտարարեց, թէ միայն ֆրանսերէն պիտի երգէ Խորհրդային Միութեան մէջ: Այս մեկնումը սփռուեցաւ ուղղակի Օրլիի օդակայանէն, Չորեքշաբթի, ցերեկուան լուրերու յայտագրին մէջ: