Միացեալ Նահանգներու եւ Մեծն Բրիտանիոյ կողմէ Կիպրոսի հարցի շուրջ թրքական տեսակէտներու պաշտպանութիւնը՝ բուռն հակազդեցութեանց տեղի տուաւ Յունաստանի մէջ։
Վարչապետ պրն. Բաբանտրէու, Քասթրիի իր բնակարանին մէջ, արտաքին գործոց նախարար պրն. Քոսթոբուլոսի ներկայութեան ընդունելով Միացեալ Նահանգներու դեսպան պրն. Լամպուիսը, անոր շեշտեց թէ՝ ամերիկեան կառավարութեան թրքասիրական ընթացքը, գէշ տպաւորութիւն գործած է Յունաստանի մէջ։ Պրն. Լամպուիս վարչապետին բացատրութիւններ տուաւ Ապահովութեան խորհուրդի առջեւ վիճաբանութեանց ընթացքին ամերիկեան պատուիրակութեան բռնած դիրքի մասին։ Վարչապետ պրն. Բաբանտրէու Կիպրոսի հարցին շուրջ տեսակցութիւն ունեցաւ նաեւ Սովիէթ Միութեան դեսպան պրն. Գորիուկինի հետ, որ վարչապետարան այցելեց՝ զինք շնորհաւորելու համար վարչապետական պաշտօնի ստանձման առթիւ։ Շաբաթ գիշեր, վարչապետը ձայնասփիւռէն ճառ մը խօսելով՝ ի միջի այլոց շեշտեց թէ՝ Կիպրոսի համաձայնութիւնները պէտք է քննուին համաձայն միջազգային իրաւանց սկզբունքներուն։ Ըսաւ թէ՝ ասիկա պէտք է ըլլայ՝ ի սէր Կիպրոսի հանրապետութեան ու խաղաղութեան, ի սէր Թուրքիոյ հետ զինակցութեան պահպանման, որ կը ծառայէ հասարակաց շահերու եւ ի սէր՝ մեր զինակցութեանց միասնականութեան։ Հելլէն կառավարութիւնը՝ իր անվերապահ աջակցութիւնը կþընծայէ Կիպրոսի հելլենականութեան արդար պայքարին։ Կիպրոսի հարցին պատճառով հելլէնեւթուրք յարաբերութեանց մէջ ստեղծուած լարուածութեան հետեւանքով՝ հելլէն ցամաքային, ծովային եւ օդանաւային ուժերու միաւորներ կազմ ու պատրաստ վիճակի մէջ դրուած են, ի հարկին, անմիջապէս գործի անցնելու համար։ Սպաներու եւ ենթասպաներու արտօնագրերը առկախուած են։ Կիպրոսի ներքին գործոց նախարարը եւ արտաքին գործոց նախարարի փոխանորդը պիտի այցելեն վարչապետ պրն. Բաբանտրէուին, անոր յանձնելու համար նախագահ Մակարիոս արքեպիսկոպոսի պատասխանը վարչապետին կողմէ ղրկուած գրութեան մը, ուր շեշտած էր թէ՝ Յունաստան Կիպրոսի ժողովուրդի կողքին է, իր մղած պայքարին ընթացքին։