Անցած Հինգշաբթի ցերեկին, Փարիզի Եւրոպա թիւ մէկ ձայնասփիւռի կայանի ամենօրեայ տեղեկատուութեան բաժնին մէջ հիւրերու կարգին երկու հայ երիտասարդներու ներկայութիւնը պատճռա դարձած է որ բարձրաձայն եւ ի լուր անթիւ ունկնդիրներու՝ խօսուի հայկական ջարդերու մասին։

Եւրոպա թիւ 1 ձայնասփիւռի կայանը, որ առաւելագոյն ունկնդիր ունեցողը կը նկատուի, ամէն ցերեկ կþընդունի հիւրեր, որոնք կրնան հարցումներ ընել կամ լուսաբանութիւններ ուզել հաղորդագրութեան ընթացքին տրուած լուրերու շուրջ։ Հինգշաբթի օր, Քլոտ Ադամեան եւ Արմէն Խաչիկեան (երկուքն ալ անդամ Հայ Ուսմանց Կեդրոնին) բաւական «նեղը» դրած են օրուան խօսնակը՝ Ժագ Փաոլի, որ կարգ մը լուրեր տուած էր Կիպրոսի մասին։ Քլոտ Ադամեան, անդրադառնալով Կիպրոսի դէպքերուն եւ Կիւրսէլի կողմէ եղած շահագործումին ¥երբ թուրք նախագահը կը խօսի... ցեղասպանութեան մասին¤, յայտնած է թէ՝ եղածը զեղծում է եւ առնուազն չարաչար կը գործածուի բառը, երբ այդ առթիւ թուրքը կը խօսի իր վրայ կատարուած ցեղասպանութեան եւ ջարդի մասին։ Թուրքը, որ յիսուն տարի առաջ, մէկ միլիոն յոյն, մէկ միլիոն հայ եւ հինգ հարիւր հազար քիւրտ ջարդած է։ Ձայնասփիւռի լրատուն ըսած է, որ շատ ճշգրիտ թիւեր կը տրուին իրեն, բայց օրուան հարց մը չէ։ Սակայն, Ադամեան ծանրացած է հարցին վրայ, անտեղի գտնելով Թուրքերուն յայտարարութիւնը, Թուրքերուն՝ որ շատ վարժ են ցեղասպանութեան եւ քաջ գիտեն ինչ ըլլալը եւ տարօրինակ ձգտում մը ունին չափազանցելու։ Աւելցուցած է, որ Կիպրոսը առիթ մըն է թուրքերուն համար «փոքրամասնութեան աշկերտութիւնը» ընելու եւ երբ խօսնակը շատ կողմնակի գտած է երիտասարդ հայ ուսանողին խօսքերը, այս վերջինը հարցուցած է թէ՝ ի՞նչ կը մտածէր իր խօսակիցը այսօր, եթէ Հիթլէրի արձանը կանգնէր Պերլինի մէջ, ինչպէս թուրք ջարդարարին արձանը կանգնած է Անգարայի մէջ։ Յիշած է 1955 Սեպտեմբեր 6-ի դէպքերը Պոլսոյ մէջ, գտած է որ «Յոյները իրենց զիրենք գէշ կը պաշտպանեն» եւ ըսել տուած է խօսնակին, որ ճիշդ է թէ՝ Պոլսոյ փոքրամասնութիւնները շատ հասկնալի վախով մը կ'ապրին։