Հայրենիք Ուիքլի կը գրէ.- Հերպըրթ Ֆոն Գարայեան հայ է. այս անգամ զրոյց չէ ասիկա, այլ հաստատում մը՝ նոյնինքն ղեկավարէն: Ծանօթ հայ երգիչ մը, որ առ այժմ չ՛ուզեր յայտնել իր անունը, Միլանօ այցելեց այն օրերուն, երբ տեղւոյն վրայ հայ գաղութը ընդունելութիւն մը սարքած էր ի պատիւ Գարայեանի:
Յիշեալ երգիչն ալ ներկայ եղաւ այս ընդունելութեան, որուն հրաւիրուած էր 100 հոգի, եւ Ֆոն Գարայեանի բերնէն լսեց, թէ իր նախահայրերը հայ էին: Այսպէս, Ֆոն Գարայեան անձամբ յայտարարած է, թէ հայկական ծագում ունի, մինչդեռ քանի մը տարի առաջ մերժած էր այս պարագան: Կ՛երեւի Ֆոն Գարայեան այժմ իր հայկական ծագումը խոստովանելու ժամանակը հասած կը նկատէ: Կը պատմուի, թէ նացիական գրաւման շրջանին Ֆոն Գարայեան Կեսթափոյի կողմէ հարցաքննուած էր իր ծագումին շուրջ: Այն ատեն նշանաւոր ղեկավարը հետապնդումէ փրկուած էր՝ յայտնելով, թէ ծնողները հայ էին: Հիմա երեւան կ՛ելլէ, թէ Ֆոն Գարայեան ճշմարտութիւնը յայտնած էր Կեսթափոյին: Կ՛ըսուի, թէ Գարայեան ընտանիքը Հայաստանէն Աւստրիա գաղթած է Յունաստանէն:
Քանի մը օրէ ի վեր հիւրաբար Աթէնք կը գտնուի Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան միաբաններէն նորօծ Արտաւազդ եպս. Թրթռեան: Սրբազան հայրը մասնակցեցաւ Ֆիքսի Ս. Կարապետ եկեղեցւոյ մէջ Տեառնընդառաջի արարողութեան: Նոյնպէս Շաբաթ օր, ներկայ եղաւ Գոքինիոյ Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ նախատօնակի արարողութեան, որուն կը նախագահէր յունահայոց առաջնորդ Սահակ արքեպիսկոպոս: Արտաւազդ սրբազան յուզիչ արարողութեամբ մը կատարեց ինը դպիրներու ձեռնադրութիւնը, ապա խոր լռութեան մէջ սրբազան հայրը կատարեց ուրարի տուչութիւնը Յարութիւն Սարաճեանի եւ Յովսէփ Այվազեանի, որոնք տարիներէ ի վեր սրտով ու հոգիով նուիրուած են հայ առաքելական Ս. եկեղեցւոյ: Այս առիթով սրբազան հայրը գեղեցիկ խօսքերով դրուատեց հայ նոր սերունդի արժէքները եւ յոյս յայտնեց, որ այդ ոգին միշտ վառ պիտի մնայ: Փետրուար 16-ին, Կիրակի, Արտաւազդ եպիսկոպոս Ս. պատարագ մատոյց Գոքինիոյ Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ մէջ: