Հունգարիոյ մայրաքաղաք Պուտափեշտի կեդրոնը Խրուշչեւի արձանը պիտի զետեղուի: Սակայն ժողովուրդը բնաւ գոհ չէ հունգար կառավարութեան այս որոշումէն, եւ Պուտափեշտի մէջ խօսակցութեան ընդհանուր նիւթը արձանն է:
Գաղտնի հաւաքոյթի մը ընթացքին ճառախօսները իրարու ետեւէ կը դատապարտեն կառավարութեան որոշումը: Միայն վերջին ճառախօսը, որ իմաստուն մէկը ըլլալ կը թուի, կ՛ըսէ. - Չեմ հասկնար, թէ ինչո՞ւ չէք ուզեր, որ Խրուշչեւի արձանը դրուի մեր քաղաքին մէջ: Ամառը արձանը մեզի շուք պիտի ընէ, ձմեռը՝ մեզ պիտի պաշտպանէ հովերէն, իսկ բոլոր եղանակներուն Պուտափեշտի աղաւնիներուն կարելիութիւն պիտի տայ մեր բոլորին կողմէ խօսիլ իրեն հետ:
***
Ֆիտել Քասթրոյի գաղափարակից քուպացի մը եւ հարաւափրիկեցի մը կը զրուցեն: - Մեր ազգային տնտեսութիւնը լաւ վիճակի մէջ չէր,- կ՛ըսէ քուպացին: - Բայց, հիմա որ մեծ Խորհրդային Միութիւնը սկսաւ օգնել մեզի, յոյս ունինք, որ ապագային լաւ պիտի ապրինք: - Փոքր տարբերութեամբ մը մեր երկրին մէջ ալ այդպիսի բան մը եղաւ,- կը պատասխանէ հարաւափրիկեցին: - Ռուսերը մեր ազգային տնտեսութեան խառնուած էին եւ լաւ չէինք երթար: Սակայն, հիմա որ ռուսերը մեկնեցան, շատ աւելի լաւ կ՛ապրինք:
***
Ռուս քահանայ մը, Մոսկուայէն քիչ հեռու, ագարակի մը առջեւէն անցած ատեն կը տեսնէ, որ գիւղացի մը ծունկի եկած՝ կ՛աղօթէ: Զարմացած՝ կանգ կ՛առնէ եւ կը հարցնէ անոր. - Ի՞նչ բանի համար կ՛աղօթէիր, հայրենակի՛ց: - Աստուծմէ խնդրեցի, որ լաւ օդեր ընէ, որպէսզի մեր ցորենը հասնի: - Անշուշտ, ո՛չ այս տարուան, այլ՝ յառաջիկայ տարուան բերքին համար,- կ՛աւելցնէ քահանան: - Ո՛չ, տէր հայր, ա՛յս տարուան համար: Բայց ես Աստուծմէ այստեղի համար չէ, որ լաւ օդեր խնդրեցի, այլ՝ Ատլանտեան ովկիանոսին համար, որպէսզի Ամերիկայէն եւ Քանատայէն մեզի ցորեն բերող նաւերուն բան մը չպատահի,- կը յարէ գիւղացին: