Անյաջող մահափորձ մը կատարուեցաւ Թուրքիոյ 80 տարու վարչապետ պրն. Իսմէթ Ինէօնիւի դէմ, երբ ինքնաշարժ կը մտնէր Խորհրդարան երթալու համար։
Անծանօթ մը, ատրճանակով կրակեց վարչապետին վրայ։ Բոլոր գնդակները վրիպեցան։ Անծանօթը ձերբակալուեցաւ։ Անունը Մեզութ Սունա է։ Ձերբակալուելէ ետք, դատական եւ ներքին գործոց նախարարներու ներկայութեան հարցաքննուեցաւ ոստիկանական սպաներու կողմէ։ Հարցաքննութեան ներկայ եղան նաեւ Անգարայի կառավարիչն ու քաղաքապետը։ Պատկան իշխանութիւնները կ'ուզեն հասկնալ մահափորձին դրդապատճառը եւ նաեւ այն՝ թէ գործակիցներ ունի՞ թէ ոչ։ Ձերբակալուեցան երկու հոգի եւս։ Մէկը՝ ռումանական դեսպանատան մէջ աշխատող թուրք մեքենավար մըն է իսկ միւսը «Վաթան» երեկոյեան թերթի մարզական աշխատակիցը։ Մահափորձը կատարող Սունա 38 տարեկան է եւ հայր չորս զաւակներու։ Յայտարարեց թէ՝ 1960ի յեղափոխութեան դէմ է։ Ըսաւ թէ՝ Ինէօնիւ երկիրը աւելի գէշ վիճակի մատնեց եւ ատոր համար զայն կ'ատեմ։ Երկար ատեն է որ ատրճանակ առած էի զայն սպաննելու համար։ Վարչապետ պրն. Ինէօնիւ խորհրդարան ժամանելով հաղորդեց իր դէմ եղած անյաջող մահափորձի լուրը։ Ապա նախարարաց խորհուրդի նիստին նախագահելէ ետք, ձայնասփիւռէն խօսեցաւ եւ շնորհակալութիւն յայտնեց մահափորձին առթիւ իրեն ուղղուած համակրական հեռագիրներուն համար։ Պրն. Ինէօնիւ մահափորձէն իր ազատելուն առթիւ, խնդակցական հեռագիր ստացաւ նաեւ Մեծն Բրիտանիոյ վարչապտե սըր Ալեք Տակլաս Հիումէն։
Նախագահ Ճոնսըն ճառ մը խօսելով յայտարարեց՝ թէ Միացեալ Նահանգները իրենց կարելին պիտի ընեն, Կիպրոսի հարցին լուծում մը գտնելու համար։ Նախագահը միաժամանակ կոչ ըրաւ որ, վերջ տրուի արիւնահեղութեան, քանի դեռ շատ ուշ չէ Կիպրոսի ամէն մէկ բնակիչի ինչպէս նաեւ շահագրգռուող ամէն մէկ կողմի համար։ Շեշտեց թէ՝ մեր պարտականութիւնն է Կիպրոսի մէջ աղէտի մը առաջքը առնել։