Կիպրացի ուսանողներու Ազգային միութեան նախաձեռնութեամբ Փետրուար 11-ի իրիկունը մեծ ցոյց մը կազմակերպուեցաւ Աթէնքի Քաղաքապետարանին առջեւ գտնուող Գոճիաս հրապարակին վրայ։
Ցոյցին նպատակն էր բողոքել Կիպրոսի հանդէպ դաշնակիցներու ցոյց տուած վերաբերումին դէմ եւ պահանջել ինքնորոշման իրաւունքի գործադրութիւնը։ Ցուցարարներուն խօսեցաւ Աթէնքի քաղաքապետ պրն. Անկելոս Ցուքալաս։ Քաղաքապետէն առաջ, ցուցարարներուն ողջոյնի խօսք ուղղեցին՝ գրական եւ գեղարուեստական կազմակերպութեանց կողմէ՝ պրն. Սարանտիս, Համալսարանի փոխ-վերատեսուչ պրն. Ք. Բաբաիոաննու եւ Փաստաբաններու միութեան նախագահ պրն. Բալլիս։ Ծայրայեղ ձախերը՝ ցոյցը քաղաքական շահագործումի նիւթ դարձնել փորձեցին։ Հաւաքոյթի վերջաւորութեան, 2000-ի մօտ ձախակողմեաններ առանձին ցոյց կազմակերպցին եւ ուղղուեցան դէպի Սինտաղմա։ Ոստիկանական մեծ ուժերը, դատախազի հրամանով՝ ցոցարարներու ճամբան կտրեցին եւ թոյլ չտուին որ անոնք յառաջանան դէպի արեւմտեան դաշնակիցներու դեսպանատուները։ Ցուցարարները այս անգամ հաւաքուեցան համալսարանի մուտքին առջեւ եւ սկսան զանազան նշանախօսքեր պոռալ։ Ոստիկանութիւնը ցուցարարներուն թելադրեց ցրուիլ։ Սակայն ցուցարարները չենթարկուեցան հրահանգին։ Ի վերջոյ, ոստիկանութեան հրահանգուեցաւ բռնի ուժով ցրուել ցուցարարները։ Ոստիկանութեան եւ ցուցարարներու միջեւ սկսան բախումներ, որոնց ընթացքին վիրաւորուեցան 11 ցուցարարներ եւ մէկ ոստիկան։ Ոստիկանութիւնը ձերբակալեց մաս մը ցուցարարներ, զորս աւելի վերջ ազատ արձակեց։
Միլիէթ թերթին համաձայն, Արեւմտեան Գերմանիոյ տնտեսական գործակցութեան նախարար պրն. Շէլ յայտարարած է թէ՝ իր երկիրը, զինուորական եւ այլ օգնութենէ զատ, Թուրքիոյ պիտի տայ ուրիշ օգնութիւն ալ, սակայն ոչ դրամական։ Այս օգնութիւնը պիտի յատկացուի վարժարանական շէնքերու, հիւանդանոցներու եւ գործարաններու շինութեան։ Նաեւ Թուրքիա պիտի ղրկուին մասնագէտներ՝ թրքական մասնագիտական կրթութիւն տալու համար։