Երուսաղէմի միաբաններէն Դաւիթ վրդ. Սահակեան տարիէ մը ի վեր Հնդկաստան կը գտնուէր: Վերադարձած ըլլալով՝ հայր սուրբը հետեւեալ շահեկան տեղեկութիւնները տուած է հնդկահայերու մասին. -

Հնդկահայերուն թիւը կը հասնի 500-ի, որոնց 450-ը ամփոփուած է Կալկաթայի մէջ, մօտաւորապէս 25-ը կ՛ապրի Պոմպէյ, իսկ մնացեալները ցրուած են երկրին զանազան կողմերը: Հնդկահայերը ունին Մարդասիրական Ճեմարանը, 120 աշակերտներով, մեծ մասամբ՝ Պարսկաստանէն եկած: Այս վարժարանը աւարտելէ ետք կրնան քննութիւն տալ ու Քեմպրիճի համալսարանը մտնել: Այժմ նոր շէնք մը շինելու ծրագիրը ունին վարժարանը ամէն տեսակ յարմարութիւններով օժտելու եւ աշակերտութեան թիւը բարձրացնելու համար: Վարժարանին մէջ կը դասաւանդուին՝ անգլերէն, հայերէն, պենկալերէն, իսկ Պարսկաստանէն եկողներուն համար ալ՝ պարսկերէն: Հայագիտութեան դասախօսն է Ասատուր Կիւզելեան, որ մեծ ջանք կը թափէ: Վարժարանին մէջ կը պաշտօնավարէ նաեւ Ռոզ Ամիրխանեան: Հնդկահայերը եկեղեցասէր են, սակայն՝ ոչ հայախօս: Եկեղեցիներ ունինք Կալկաթայի, Պոմպէյի եւ Մատրասի մէջ: Կալկաթայի եկեղեցիի հոգեւոր հովիւն է Պօղոս քահանայ, իսկ Պոմպէյի եկեղեցին պիտի ունենայ իր հովիւը՝ յանձին Մաշտոց քահանայի, որուն վիզայի գործողութիւնները դեռ չեն ամբողջացած: Հնդկահայերը ունին նաեւ մարզական միութիւն, Հայկազեան գեղարուեստից ակումբը, ինչպէս նաեւ տիկնանց եւ բարեգործական միութիւններ:

 

Պոլսոյ մէջ անցած Յունուար 8-ին մեռած է ծերունազարդ Գարեգին Տէվէճեան, որ անցեալին պետական բարձր պաշտօններով փայլուն, Թուրքիոյ հայ համայնքին անձնաւորութիւններէն մէկը եղած է: Բնիկ խարբերդցի՝ ծնած էր հարեւան Էլազիզ հայաբնակ կեդրոնը՝ 28 Փետրուար 1867-ին: Ան Պոլսոյ հին ու ծաղկեալ հայութեան այն դէմքերէն է, որոնք իրենց արժէքաւոր գործունէութեամբ միջազգային պատուոյ արժանի ըրին հայ անունը: