Հայեւհնդկական գրական կապերու պատմութեան մէջ ուշագրաւ էջ մըն է Ռապինտրանաթ Թակորի անձնական ծանօթութիւնները հայ գործիչներու հետ եւ անոր կարծիքը հայերու մասին:
Ինչպէս յայտնի է, 1925 Յունուար 31-ին հնդիկ գրագէտը այցելած է Վենետիկ՝ Մխիթարեաններու միաբանութիւնը: Զինք դիմաւորողներուն մէջ եղած է նաեւ Աւ. Իսահակեան, որուն «Պարտիզպան»-ը (հայերէն) գիրքին վրայ օտար այցելուն մակագրութիւն մը զետեղած է: Ճաշի ժամանակ Մխիթարեանները Թակորին նուիրած են «Բազմավէպ»-ի Պայրընի նուիրուած թիւերը եւ հայկական գիրքեր: Իրեն հանդէպ եղած այս սիրալիր վերաբերումէն զգացուած՝ հնդիկ մեծ բանաստեղծը յուզումով ըսած է. «Ձեր ջերմ եւ սիրակէզ ընդունելութիւնը կը պարտադրէ, որ նորէն վերադառնամ ձեր մօտ: Պիտի վերադառնամ գարնան վարդերով, ոչ թէ իբրեւ օտարական, այլ՝ իբրեւ մէկը, որ կու գայ իր տունը, մտաւորականութեան տունը»: Թակոր կապեր ունեցած է նաեւ հնդկահայ մեծ գիտնական Սերովբ Սեթեանի հետ: «Հայերը Հնդկաստանի մէջ» անգլերէն գիրքի (1937, Կալկաթա) կապակցութեամբ, հայ գիտնականը իր նամակներէն մէկուն մէջ գրած է. «Աշխարհահռչակ հնդիկ քերթող եւ հռետոր տոքթ. Ռ. Թակոր բարեհաճ է իմ երկը կոչել՝ «Արձան բազմաքերթն հետազօտութեանց»: Թակորի երկերուն թարգմանութեան մէջ ուշագրաւ են «Գիթանջալի»-ի բազմաթիւ թարգմանութիւններն եւ հրատարակութիւններ: Երկը թարգմանած են՝ Համլիկ Թումանեան, Վրթանէս Փափազեան, Ս. Չթչեան, Տիրայր արք. Տէր Յովհաննիսեան եւ ուրիշներ: Թակորի ստեղծագործութիւններուն թարգմանութեան եւ հրատարակութեան երրորդ շրջանը 1950-էն կը շարունակուի մինչեւ մեր օրերը: 1954-ին Թեհրանի մէջ լոյս տեսաւ «Գիթանջալի» բանաստեղծութիւններու հաւաքածոն‘ նոր թարգմանութեամբ (անգլերէնէ), բանաստեղծ Երուանդ Փափազեանի թարգմանութեամբ: Հայաստանի մէջ 1955-ի վերստին հրատարակուած է «Պարտիզպանը» հաւաքածոն, իսկ 1959-ին, ռուսերէնէ հայերէնի թարգմանուած է «Կորա» վէպը: