Փետրուարի սկիզբը Անթիլիասի Ս. Գր. Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին մէջ, ստուար թիւով հաւատացեալներու ներկայութեամբ, տեղի ունեցաւ հանդիսաւոր Ս. պատարագ։
Պատարագեց յունահայոց առաջնորդ գերշ. Տ. Սահակ Ս. Եպիսկոպոս։ «Հայր Մեր»էն առաջ Իրանա-Հնդկաստանի հայոց առաջնորդ գեր. Տ. Ներսէս վրդ. Բախտիկեան, Ծայրագոյն վարդապետութան իշխանութիւն ստացաւ, ձեռամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Խորէն Ա. կաթողիկոսի։ Ձեռնադրութենէն ետք, վեհափառը դրուատեց արժանիքները Հայր Սուրբին։ Քարոզեց եւ շնորհակալութեան խօսք ուղղեց՝ գեր. Տ. Ներսէս Ծ. Վրդ. Բախտիկեան։ Յաւարտ Ս. պատարագի, պատարագիչ Սրբազանը թափորով առաջնորդուեցաւ վեհարան։ Դահլիճին մէջ, Վեհափառը շրջապատուած էր եպիսկոպոսներով, վարդապետներով եւ հաւատացեալներով, Արքայութեան տիտղոսին արժանացուց գերշ. Տ. Սահակ Ս. Եպիսկոպոսը։ Սրբատառ կոնդակը կարդաց հոգշ. Տ. Սուրէն աբեղայ Քաթարոյեան։ Խանդավառ ծափերով ընդունուեցաւ Արքութեան տիտղոսին շնորհումը։ Ապա, Վեհափառ հայրապետը դրուատեց արժանիքները Սահակ սրբազանին։ Սահակ Ս. Արքեպիսկոպոս ուրախութեան այս յուզիչ պահուն, խօսք առնելով շնորհակալութիւն յայտնեց Վեհափառ հօր, իրեն տրուած այս պատիւին համար։ Անգամ մը եւս շեշտեց իր ուխտը, հաւատարիմ մնալու Կիլիկիոյ դարաւոր Ս. Աթոռին եւ առաւել նուիրումով ծառայելու հայ ժողովուրդին։ Ծափերու մէջ սրբազանը ողջագուրուեցաւ Վեհին եւ իր միաբանակից եղբայրներուն հետ։ Ներկաները, խանդավառ այս մթնոլորտին մէջ խմբերգեցին «Կիլիկիա» երգը։
«Պոսթըն Կլոպ» կը հաղորդէ, թէ Սաֆըք Քաունթրիի գերագոյն ատեանը որոշած է 182.000 տոլարի հատուցում մը ընել Պոսթընի «Հայ Մշակութային Հիմնարկութեան» մատենադարանի շէնքին համար, զոր Մեսեչուսէցի նահանգապետութիւնը ապասեփականացուցած էր 1961-ին, ապա քանդած՝ նոր նահանգապետարանի շինութեան համար։ Հայ Մշակութային Հիմնարկութեան ընկերութեան տէր եւ տնօրէնն է պրն. Վահան Թոփալեան։