Պատերազմական վիճակէ քիչ տարբերութիւն ունեցող կացութիւն մը կը տիրէ Կիպրոսի մէջ։
Տագնապալի կացութեան հետեւանքով եւ նոր միջադէպերու առաջքը առնելու նպատակով, նախագահ Մակարիոս արքեպիսկոպոս Կիպրոսի հելլէններուն եւ թուրքերուն ուղղեց կոչ մը, ուր կը շեշտէ թէ՝ տարակարծութիւնները զէնքով չէ որ պիտի կարգադրուին, այլ խաղաղ միջոցներով։ Կղզիին խաղաղեցումը եւ բնականոն կացութեան վերահաստատումը՝ պէտք է երկու համայնքներու միացեալ ճիգերուն առարկայ ըլլայ։ Անգլիական կամ այլ ուժերու ներկայութիւնը կղզիին մէջ՝ խաղաղութեան վերահաստատման պիտի չնպաստէ՝ եթէ խաղաղութիւնն ու բնականոն կացութեան վերահաստատումը Կիպրոսի մէջ հելլէններու եւ թուրքերու միացեալ ձգտումը չըլլայ։ Նախագահը առաջարկեց որ խառն բնակչութիւն ունեցող գիւղերու մէջ խառն յանձնախումբեր կազմուին, հարցերը քննելու եւ թիւրիմացութիւնները հարթելու համար։ Նմանապէս թելադրեց՝ որ հելլէնները վեհոգութիւն ցոյց տան այն շրջաններուն մէջ ուր մեծամասնութիւն կը կազմեն, թուրքերու կասկածամտութիւնն ու վախերը փարատելու համար։ Նախագահը նոյն թելադրանքն ըրաւ նաեւ թուրքերուն։ Նախագահին այս կոչը հեռասփռուեցաւ ձայնասփիւռի միջոցով։ Թուրքերը ինքնաշարժի մը մէջէն, որ Կարմիր Խաչի դրօշը կը կրէր, առեւանգեցին դպրոցական տղաք եւ աղջիկներ եւ բժիշկ մը։ Կիպրոսի մէջ բնակող ամերիկացիներու ընտանիքները հրահանգ ստացան մեկնելու։ Կղզիին մէջ ամէն կողմ պատնէշներ կանգնեցուեցան կրկին։
Լաւատեղեակ շրջանակներու համաձայն, անգլիական կառավարութիւնը Կիպրոսի նախագահ Մակարիոս Արքեպիսկոպոսին յղած է հակառաջարկներ, որոնք համադրումն են Կիպրոս ՆԱԹՕ-ի ուժեր ղրկելու անգլեւամերիկեան առաջարկին եւ Մակարիոս Արքեպիսկոպոսի ներկայացուցած առարկութեանց։ Գոյութիւն ունեցող տեղեկութեանց համաձայն, ամերիկեան կառավարութիւնը իր հաւանութիւնը յայտնած է այս առաջարկներուն։