Կիրակի օր, բացառիկ յաջողութեամբ եւ աննախընթաց բազմութեան մը ներկայութեան տեղի ունեցաւ Ֆիքսի Հ.Մ.Ը.Մ.ի վարչութեան կազմակերպած թէյապարը, «Վրախոս» ծանօթ զբօսավայրին մէջ։

Ժամը 5-ին, սրահը ծայրէ ծայր լեցուած էր երկսեռ ազգայիններով։ Ներկայ էին՝ Ազգային իշխանութեանց եւ Հ. Կ. Խաչի ներկայացուցիչներ, Հ.Մ.Ը.Մ.ի Շրջանային վարչութիւնը լրիւ կազմով ինչպէս նաեւ՝ մասնաճիւղերու վարչութիւնները եւ անդամներ, մօտաւորապէս 250 հոգի, թիւ մը՝ որ աննախընթաց է «Վրախոս»ի սրահին համար։ Կեդրոնի մնայուն ընտիր նուագախումբի առաջնորդութեամբ՝ զոյգերը սկսան պարել։ Ապա՝ ժամէ մը աւելի գործադրուեցաւ կեդրոնի յայտագիրը, որուն կը մասնակցէին հելլէն ծանօթ արուեստագէտներ եւ արուեստագիտուհիներ - երգիչ, երգչուհի, պարող, պարողներ, նուագող,- որոնց ելոյթները բուռն ծափեր խլեցին ներկաներէն։ Հուսկ ուրեմն, բարձրախօսի առջեւ ելաւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Շրջանային վարչութեան ատենապետ պրն. Պատրիկ Սարգիսեան, որուն երեւումը ողջունուեցաւ խանդավառ ծափերով, որովհետեւ, լուրջ անհանգստութենէ մը նոր ապաքինած՝ պարտականութեան գլուխ կը գըտնուէր կրկին։ Պ. Պատրիկ Սարգիսեան նախ շնորհաւորեց Ֆիքսի Հ.Մ.Ը.Մ.ի վարչութիւնը, իր կազմակերպած յաջող եւ գեղեցիկ ձեռնարկին համար, ապա՝ շնորհակալութիւն յայտնեց ներկաներուն, որոնք փութացած էին՝ Հ.Մ.Ը.Մ.ի բոլոր ձեռնարկներուն նման թէյապարն ալ քաջալերելու։ Շարունակելով յայտնեց՝ թէ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Պատգամաւորական ժողովը պիտի գումարուի Մարտ 1-ին, իսկ Մարտ 11-ին, Աթէնքի մէջ պիտի տօնակատարուի Վարդանանցը։ Պրն. ատենապետը ուրախութեամբ յայտնեց՝ թէ թէյապարին ներկայ է նաեւ Փանիոնիոս մարզական միութեան փոխ-նախագահ պրն. Օթոն-Լեֆաս-Թեթենէս, որ Հ.Մ.Ը.Մ.ի ջերմ բարեկամն է եւ ծանօթ՝ իր հայասիրական զգացումներով։ Ներկաներուն բաժնուեցան քարթեր՝ Հ.Մ.Ը.Մ.ի հիմնադիր Շաւարշ Քրիսեանի նկարով եւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի գոյներով ու գիրերով՝ գործ՝ պրն. Յակոբ Ճէլալեանի։