Կիպրոսի դէպքերուն առթիւ, թրքական «Փազար» թերթին մէջ Վուրալ Սէօզէր հետեւեալ խորհրդածութիւնները կ'ընէ.-

Կիպրոսի բնակչութեան մեծամասնութիւնը կազմող յոյն խանութպաններ եւ առեւտրականներ իրենց խանութներուն փեղկերը իջեցուցեր են արուեստական սով մը առաջացնելով թուրք բնակչութիւնը անօթութեան մատնելու համար։ Հիմա, Կիպրոսի թուրքերը անօթի թողելու յունական սպառնալիքէն ազդուող Պոլսոյ ժողովուրդը՝ զանազան թաղերու մէջ յոյն խանութպաններն  ու առեւտրականները պոյքոթի ենթարկելու սկսած է եւ անոնց հետ առեւտուր ընելէ դադրած։ Ընդհանրապէս կիներու մօտ ականջէ ականջ սկսեր է տարածուիլ «Յոյներու հետ առուտուր ընել չկայ» կարգախօսը, որ գործադրութեան ալ դրուած է։ Մենք, թուրքիաբնակ յոյները մեր ամբողջութեան մէկ մասը կը նկատենք, փոքրամասնութիւն մը միայն ներկայացնելու իրենց հանգամանքը երբեք չենք ուզեր դոյզն իսկ չափով անոնց զգացնել...։ Յոյն աղջիկներու հետ ամուսնացած, տունի եւ զաւկի տէր դարձած թուրք այրերը ԷՕՔԱ¬ի պատճառաւ պիտի քանդե՞ն իրենց երջանիկ բոյներն ու օճախները։ Քովնտի թաղերու մէջ յոյն նպարավաճառներէն, ձկնավաճառ Վասիլիէն, գինեպան Սթելիոյէն, կոճակավաճառ Անտոնէն երես դարձնելու, զանոնք մեր երկրէն պաղեցնելու որեւէ պատճառ մը չունինք... Սաիտ Ֆաիքի «Քալաֆաթ»ը չբարեւե՞նք, կաթնավաճառ Փանտելիի տղուն գտնուած թաղը անգամ մըն ալ չհանդիպի՞նք։ Ուտի Եորկօ Պաճանոսը ա՛լ մտիկ պիտի չընե՞նք, քեմանչիստ Վասիլաքիի, վինահար Անտոնի գործերը պիտի պատռե՞նք...։ Թուրքիա փոքրամասնութիւններուն ալ հայրենիքն է, անոնք ալ իրենց գրպանը Թուրքիոյ հանրապետութեան անձնագրերը կը կրեն, անոնք ալ մեր հայրենակիցն են... Միւս կողմէ, այսօր կայծի մը վիճակով ի յայտ եկող փոքրամասնութեան թշնամութիւնը եթէ զարգանայ, կրնայ ունենալ ցաւալի հետեւանքներ, որոնք նախընթացները տեսնուած են անցեալին...։ Հետքերը դիւրին դիւրին կարելի չըլլար ջնջել։