- Պուէնոս Այրէսի մէջ հրապարակային մեծ ցոյց մը տեղի ունեցած է Աթաթիւրքի յիշատակին տպագրուելիք նամակադրոշմերուն առթիւ։ Համագաղութային այս ցոյցի ընթացքին խօսք առած են արժանթինցի բարձրաստիճան անձնաւորութիւններ, որոնք ոգեկոչած են յիշատակը մեր մէկ միլիոն նահատակներուն։
Կազմակերպիչ մարմնի հրաւէրով՝ հրապարակային ցոյցին օրը փակ մնացած են գրեթէ բոլոր հայկական խանութները եւ վաճառատուները։ Այս առթիւ ծանօթ մտաւորական եւ քաղաքական գործիչ տոքթ. Խոսէ Արսէ դասախօսութիւն մը տուած է «Միջազգային քաղաքականութիւնը եւ հայկական հարցը» նիւթին շուրջ։
- Ատրպատականի Թեմական խորհուրդի ջանքերով Ս. Թադէի պատմական վանքը արձանագրուած է 475 թուահամարով Պարսկաստանի Հնագիտական Հիմնարկին կողմէ, իբրեւ Պարսկաստանի պատմական արժէք ներկայացնող շէնքերէն մէկը։ Այդ Հիմնարկը իր տարեկան պիւտճէէն 100 հազար ռիալի յատկացում մը ընելով, զայն տրամադրած է Ատրպատականի հայոց թեմական խորհուրդին, որպէսզի պէտք եղած հիմնական նորոգութեանց մէկ մասը կատարուի։ Թեմական խորհուրդը արդէն իսկ սկսած է անհրաժեշտ նորոգութեանց։ Ազգային Առաջնորդարանն ալ, իր պիւտճէէն 100 հազար ռիալ յատկացուցած է, որպէսզի այս պատմական վանքին մեծածախս նորոգութիւնը լրիւ կերպով կատարուի, անաղարտ պահելով շինութեան հնագիտական ոճն ու արժէքը։
- Նախապէս հաստատուած ծրագիրի մը համաձայն, Ռաֆֆիի տունը եւ իր կողքին գտնուող Փայաջուկ գիւղի կքած եկեղեցին, ինչպէս նաեւ Ռաֆֆիի քրոջ՝ Ալմաստի տունն ու անոր կից վարելահողի մէկ մասը պիտի առնուին մէկ ընդհանուր շրջափակի մէջ։ Այս ուղղութեամբ աշխատանքները սկսած են արդէն։ Թաւրիզի Սիփահ դրամատան մէջ բացուած է յատուկ հաշիւ, Ռաֆֆիի տան վերակառուցման առթիւ հանգանակուած գումարները կեդրոնացնելու համար։