Երեւանի դպրոցներէն մէկուն պատմութեան դասատու Ա. Սիմոնեան հետաքրքրական տեղեկութիւններ հաւաքած է հայ գրագէտներու, մտաւորականներու ու արուեստագէտներու զաւակներուն եւ թոռներուն իմացական եւ ընկերային արժէքներուն մասին:

Ստորեւ՝ մէկ քանին.- Այվազովսկիի թոռը՝ Կոստանդին Արցիուլով ներկայիս կ՛ապրի Մոսկուա: Շատ ծանօթ օդանաւորդ է եւ օդանաւերու ճարտարագէտ: Վերջերս տօնեց իր ծննդեան 70-ամեակը: Ալ. Թամանեանի երկու զաւակներն ալ կը շարունակեն իրենց հօրը գործը: Գէորգ Թամանեան աւարտած է հօրը կիսատ ձգած ծրագիրները՝ Երեւանի կառավարչատունը, օփերայի շէնքը եւ այլն: Եուրի Թամանեան Շմաւոն Ազատեանի հետ հրատարակած է ուսումնասիրութիւն մը՝ Օձունի տաճարին մասին: Ներկայիս յուշարձաններու նորոգութեամբ կը զբաղի: Երգահան Արմէն Տիգրանեանի զաւակներէն մէկուն՝ Էտմոնտի նախագիծով շինուած է Երեւանի կայարանին շէնքը: Միւս զաւակը՝ Վարդան, ծանօթ երգահան է: Յօրինած է «Մեծ հարսանիք», «Աղբիւրի մօտ» օփերեթները եւ «Սօս եւ Վարդիթեր» օփերան:


Մանուկ Աբեղեանի տղան՝ Մհեր, կ՛ապրի Երեւան եւ անուն հանած նկարիչ է: Ճարտարապետ Թ. Թորամանեան ունեցած է երկու զաւակ: Գառնիկ Թորամանեան ճարտարապետ է, իսկ Նազիկ Թորամանեան կ՛աշխատի Երեւանի պատմութեան թանգարանը: Պատրաստած է իր հօրը նամականին, որ լոյս պիտի տեսնէ այս տարի: Ղազարոս Աղայեանի տղան՝ Մուշեղ Աղայեան, ծանօթ երաժշտագէտ է եւ կ՛ապրի Երեւան: Աղջիկը կինն է նկարիչ Մարտիրոս Սարեանի, որուն տղան՝ Ղազարոս, երգահան է եւ դասախօս Երեւանի երաժշտանոցին: Ստեփանոս Մալխասեանի թոռն է Րաֆֆի Պետրոսեան, ծանօթ դաշնակահար, որ կ՛ապրի Փարիզ: Արամ Խաչատրեանի աւագ եղբայրը՝ Սուրէն, բեմադիր է: Երգահանին միւս եղբայրը՝ Լեւոն, երգիչ է: Նկարիչ Գէորգ Բաշինջազեանի տղան՝ Զաքար, կ՛ապրի Երեւան: Փրոֆեսէօր է եւ պետական համալսարանի քաղաքատնտեսութեան ամպիոնի վարիչ: