Շաբաթ 25 եւ Կիրակի 26 Յունուար 1964, Համազգայինի «Գասպար Իփէկեան» թատերախումբը Հալէպի «Սուրիա» շարժանկարի 1200 հոգինոց ընդարձակ սրահին մէջ ներկայացուց «Օսքար»ը:
Երկու անգամին ալ սրահը լեցուած է ծայրէ ծայր: Մեծ գոհունակութիւն պատճառած է թատերախումբին ներկայութիւնը հալէպահայութեան: Նոր Գիւղի Համազգայինի Երիտասարդաց միութեան ակումբը իր արդիական սարքաւորումով եւ նորակերտ թատերասրահը հիացում պատճառած են թատերախումբի անդամներուն, որոնք վայելած են միջավայրը: Կիրակի կէսօրին մեծ ճաշկերոյթ մը տրուած է Երիտասարդացի ակումբին մէջ՝ ի պատիւ թատերախումբին, եւ ստեղծուած է խանդավառ մթնոլորտ: Թատերախումբը այցելած է առաջնորդարան, Ճեմարան, Հայկազեան եւ Զաւարեան վարժարանները: Ամէնուրեք սիրալիր ընդունելութեան արժանացած է եւ լաւագոյն տպաւորութիւններ ձգած է աշակերտութեան վրայ:
«Պոսթըն Կլոպ» կը հաղորդէ, թէ Սաֆըք Քուանթրիի գերագոյն ատեանը որոշած է 182,000 տոլարի հատուցում մը ընել Պոսթընի Հայ մշակութային հիմնարկութեան՝ մատենադարանի շէնքին համար, զոր Մասաչուսեցի նահանգապետութիւնը ապասեփականացուցած էր 1961-ին, ապա քանդած՝ նոր նահանգապետարանի շինութեան համար: Հայ մշակութային հիմնարկութեան տէր եւ տնօրէնն է Վահան Թոփալեան, որ մատենադարանին մէջ հաւաքած է հազարաւոր գիրքեր՝ հայ եւ օտար, ինչպէս նաեւ՝ մեծարժէք հրատարակութիւններ:
«Թայմ» շաբաթաթերթը հրապարակած է գիրք մը, որ կը կոչուի «Ռուսիա» եւ հետաքրքրական տեղեկութիւններ կը բովանդակէ: Այս հրատարակութիւնը խորհրդային երկիրներու մէջ բնակող հայոց թիւը 2,787,000, ու Խորհրդային Հայաստանի բնակիչներու թիւը 1,893,000 ցոյց կու տայ: