Սեւանի գեղատեսիլ ափին վերջերս աւարտած է «Ախթամար» պանդոկին շինութիւնը։ Նոր պանդոկը օժտուած է բոլոր յարմարութիւններով, ունի ճաշարան եւ սրճարան։

Երեւանի հաստատութիւնը հիմնուած է մէկ տարի առաջ։ Ուսանողներուն թիւն է հարիւր։ Ժողովրդական երաժշտանոցը ունի հինգ ճիւղ՝ երգեցողութեան, դաշնակի, փողային եւ լարային գործիքներու, խմբավարութեան եւ ժողովրդական գործիքներու։

Վերջերս գորգի գործարան մը բացուած է Իջեւանի մէջ։ Երկու հեկտար տարածութիւն ունեցող այս գործարանին մէջ պիտի աշխատին 1200 բանուորներ, իսկ անոր արտադրութիւնը պիտի ըլլայ տարեկան 750.000 քառ. մեթր գորգ։

Երեւանի լեմոնատի գործարանը օրական 70-80 հազար շիշ լեմոնատ կ'արտադրէ։ Դեռ վերջերս արտադրութեան քանակը 40 հազար էր։

Նիկոսիայէն կը տեղեկացնեն, թէ Չորեքշաբթի կէսօրէ ետք թուրք ոստիկաններ մտած են Նիկոսիոյ հայոց եկեղեցին եւ ձերբակալելով՝ իրենց հետ տարած են Ազգային վարչութեան ատենապետ Վահրամ Թունճեանը, որ սրբազան հօր եւ երկու քահանաներու հետ եկեղեցիի շրջափակին մէջ կը գտնուէր: Ոստիկանները հայր սուրբը եւ քահանաները կ՛ազդարարեն, թէ տնային ձերբակալութեան ներքեւ կը գտնուին: Հայր սուրբը եւ քահանայ հայրերը կ՛առարկեն թէ անկողին չկայ եկեղեցւոյ մէջ, հետեւաբար չեն կրնար մնալ: Իրենց կը թոյլատրուի երթալ իրենց տուները՝ հետեւեալ օր վերադառնալու համար: Հայր Երուանդ երբ եկեղեցիէն դուրս կու գայ, կը դիմէ լիբանանեան դեսպանատուն՝ իբրեւ Լիբանանի քաղաքացի: Դեսպանը անմիջապէս կը հեռաձայնէ տոքթ. Քիւչիւքի, թէ չեն կրնար իրենց մէկ քաղաքացին ձերբակալել: Իսկ Վ. Թունճեանի համար դիմումներ կ՛ըլլան ֆրանսական եւ գերմանական դեսպաններուն, որոնք կը խոստանան իրենց կարելին ընել: