Նիւ Եորքի մէջ երդուեալներու ատեան մը կը դատէ քաղաքապետական պաշտօնատար մը, որ կաշառակերութեամբ կ՛ամբաստանուի:

Ամբաստանեալը կը մերժէ իր դէմ կատարուած մեղադրանքը‘ առարկելով, որ վկաներու նախնական ունկնդրութեան միջոցին երդուեալներէն ոմանք… կը քնանային եւ չէին լսեր: Դատաւորը կը մերժէ այս առարկութիւնը ու կը պնդէ, թէ «մարդ մը, որուն աչքերը փակ են, անպայման քնացող մը չէ, եւ ատիկա փաստ չէ, որ խոր հետաքրքրութեամբ չի լսեր իր շրջակայքին մէջ ըսուածները»: Առայժմ վիճաբանութիւնը կը շարունակուի երդուեալներու քո՞ւն, թէ՞ արթուն վիճակի մէջ տրուած վճիռին շուրջ. իսկ փաստաբանները, որոնք վարպետ են ամենափոքր մանրամասնութիւններ օգտագործելու մէջ, հետեւեալ առարկութիւնները կատարած են ատեանին.
- Շատե՜ր կը լսեն, սակայն իրենց լսածը մէկ ականջէն կը մտնէ միւսէն ելլելու համար…
- Շատեր ալ կը լսեն մաս մը միայն իրենց ըսուածէն եւ կարեւոր նախադասութիւնները փախցնելէ ետք միայն կը վերսկսին հետեւիլ ըսուածներուն:
- Շատեր՝ «կը լսե՞մ կոր, կը լսեմ կոր» կը յայտարարեն, սակայն իրենց մտքին մէջ նախապատրաստած կ՛ըլլան արդէն այն պատասխանը, զոր պիտի տան, առանց լսելու իսկ իրենց ըսուածները:
- Շատեր ալ կան, որոնք մինչ մէկ կողմէ խօսակցութեան մը իբր թէ «կը հետեւին», իրապէս սակայն իրենց միտքը ուրիշ տեղ է, եւ կը մտմտան, թէ ի՜նչ ապուր կերանք հոս գալով եւ այս բոլոր չսուելիքները լսելու հարկադրանքին տակ մտնելով…
Նիւ Եորքի դատաւորը «ունկնդիր հասարակութեան» այս զանազան դասակարգերուն ծանօթանալէ ետք զայրացկոտ յայտարարած է փաստաբաններուն.
- Իսկ ձեր յաճախորդը կաշառք ստացած միջոցին քո՞ւն էր, թէ՞ արթուն:
- Անպայման եւ առնուազն կը քնանար իր խի՛ղճը ու հակառակ իր կամքին՝ կը խռկար…
Ա՜խ, այս դրամը ի՜նչ խիղճեր կը քնացնէ եւ ի՜նչ խեղճեր կ՛արթնցնէ՝ «մարդ» դարձնելով:

ԳԻՍԱՒՈՐ