Գառնիի հին ամրոցի այս տարուան հնագիտական պեղումները աւարտած են մարմարէ արձանի մը իրանին յայտնաբերումով։

Արձանը երկու հազար տարուան հնութիւն ունի։ Հին Հայաստանի հեթանոս չաստուածներու մասին տեղեկութիւններ կան Մովսէս Խորենացիի, Ագաթանգեղոսի, հռոմէացի պատմաբան Պլինիոսի եւ ուրիշներու գործերուն մէջ։ Ծանօթ է, նաեւ որ Արտաշէսեան հարստութեան ժամանակ հայ թագաւորները հայկական պանթէոնի չաստուածները նոյնացուցած էին հելլենական շրջանի չաստուածներուն հետ։ Այս շրջանին բազմաթիւ արձաններ բերուած են Փոքր Ասիայէն, Միջագետքէն եւ նոյնիսկ Յունաստանէն եւ զետեղուած՝ հայկական մեհեաններու մէջ։ Սակայն, ինչպէս կը վկայեն Ագաթանգեղոս եւ Յովհան Տարօնացի, հեթանոսական շրջանի բոլոր արձաններն ալ, անխտիր, քանդուած են չորրորդ դարուն սկիզբները՝ Քրիստոնէութեան Հայաստան հաստատուելու օրերուն։ Այդ է պատճառը, որ ցարդ ոչ մէկ արձան գտնուած է հեթանոսական շրջանէն մնացած։ Մասնագէտներուն համար անակնկալ մը եղած է նաեւ վերջերս Գառնիի մէջ գտնուած սեպագիր արձանագրութիւնը, ուր Արգիշտի թագաւորը կը պատմէ թէ՝ ինչպէս գրաւած է այդ վայրը։ Արձանագրութիւնը, որուն հնութիւնը կþերթայ մինչեւ Ք. Ա. 8-րդ դար, փորագրուած է քարակերտ վիշապի մը վրայ։ «Վիշապները», ընդհանրապէս, կը զետեղէին ջրամբարներու, աղբիւրներու կամ ջրանցքներու եզերքը, քանի որ կը խորհրդանշէին ջուրը եւ պտղաբերութիւնը։ Այս յայտնաբերումով լուծուած է կարեւոր վէճ մը՝ «վիշապներու» ծագումի մասին։

 

Անուանի երգահան Մակար Եկմալեանի յիշատակին Երեւանի մէջ տեղի ունեցած է երեկոյթ մը, որու ընթացքին ծանօթ արուեստագէտներ երգած ու նուագած են հայ երաժիշտի գործերէն մէկ քանին։ Տաղանդաւոր երգահանը ձգած է մնայուն արժէքներ, մշակած, ներդաշնակած է բազմաթիւ ժողովրդական հայրենասիրական երգեր։ Մակար Եկմալեանի աշակերտած են ի մէջ այլոց Կոմիտաս, Ա. Շահմուրատեան եւ Տ. Նալբանդեան։