Ատենէ մը ի վեր, խորհրդային մամուլին մէջ կը գրուի նոր նիւթի մը մասին, որ կը կոչուի «Ընդհանրական հայրենիք»:

Այս մեծ ու նոր նիւթին մասին հետեւողականօրէն եւ կանոնաւորաբար կը խօսուի ալ ճառերով կամ զեկուցումներով, պաշտօնական անձնաւորութիւններու կողմէ: «Ընդհանրական հայրենիք» կը նշանակէ միակ, միացեալ, մեծ հայրենիք, տակաւին մէկ ժողովուրդ, մէկ մշակոյթ, մէկ լեզու, մէկ բերան: Եւ օգուտները պիտի ըլլան բազմաթիւ: Ամէնէն առաջ, պիտի օգտուին դպրոցականները: Պիտի սորվին միայն մէկ լեզու, մէկ պատմութիւն, մէկ աշխարհագրութիւն: Եւ ա՛լ գոյութիւն պիտի չունենան սահմանային խնդիրներ, ընդմէջ քոյր կամ եղբայր հանրապետութիւններու: Պիտի ընդարձակուին, պիտի տարածուին, պիտի հսկայանան՝ միանալով ու դառնալով մի եւ մեծ: Երբ Վատիկանի մէջ կ՛աշխատին՝ յանուն եկեղեցիներու միացման, երբ Պէյճինկի մէջ կ՛աշխատին սթալինականներու միութեան համար, ահա խորհրդայիններն ալ լծուած են միացումի մեծ գործի մը.- հայրենիքները, ժողովուրդները, մշակոյթները, լեզուները միացնել: Ահա միութիւններու երրորդութիւն մը, որուն կեդրոնականը Խորհրդային Միութեանն է:
Ամբողջ Խորհրդային Միութեան մէջ ամէնէն հին հայրենիքը Հայաստանը ըլլալով, ամէնէն հնադարեան մշակոյթը հայկականը ըլլալով, ամենահարուստը լեզուներուն՝ հայերէնը ըլլալով, եթէ Ընդհանրական հայրենիքը պիտի կոչուի Հայաստան, եթէ ընդհանրական մշակոյթը պիտի հանդիսանայ հայկականը եւ ընդհանրական լեզուն պիտի ըլլայ հայերէնը, մենք՝ հայերս կ՛ընդունինք այդ միացումը: Եւ արդար է, որ այդպէս ըլլայ, քանի որ Խորհրդային Միութեան բոլոր ժողովուրդներուն մէջ սեփական այբուբեն, գեղարուեստական ինքնատիպ ոճեր ու լեզուական ոսկեհանք ունեցողներն մենք՝ ՀԱՅԵՐՍ ենք: Պէտք է նկատի առնուի որակը, եւ ոչ թէ անպէտ քանակը: Միւս ժողովուրդներուն կը մնայ ձուլուիլ հայութեան մէջ: Ասպարէզը բաց է: Կը բաւէ որքան մենք ձուլուած ենք ու կը ձուլուինք մանաւանդ հիմա… Իսկ եթէ կը սպասուի, որ մենք՝ հայերս ռուսանանք, որպէսզի իրագործուի «Ընդհանրական հայրենիք»-ը, ատիկա ծրագիր մըն է, որ ո՛չ հնգամեայ, ո՛չ տասնամեայ, ոչ ալ հարիւրամեայ աշխատանքով կ՛իրագործուի: Այդ ծրագիրը հազարամեակի մը ընթացքին միայն կրնայ իրագործուիլ… աննախընթաց անյաջողութիւններով:  

 ՆՇԱՆ ՊԷՇԻԿԹԱՇԼԵԱՆ