Գերմանական ձայնասփիւռը կը քննադատէ թուրքերը յետադիմութեան եւ աղքատութեան համար ամբողջ երկրին մէջ։

Ոմանց մօտ այն կարծիքը կը տիրէր, թէ այս շրջանին կարելի չէ քննադատել թուրքերը, մանաւանդ Գերմանիոյ, ինչպէս Ամերիկայի մէջ: Բայց կան քաջ եւ անշահախնդիր մարդիկ, որոնք չեն կրնար լուռ մնալ: Ահա առաջին ապացոյցը կու տայ նոյնիսկ Գերմանիան: Ձայնասփիւռով լա՛ւ լուացեր են: Եւ ահա Պոլսոյ թրքական թերթերը կրակ կտրած են՝ իմանալով, որ Պաւարիոյ ձայնասփիւռը անցեալ շաբաթ Թուրքիոյ եւ թուրք երաժշտութեան մասին խօսելով՝ ծանր քննադատութիւններ կատարած է Թուրքիոյ, թուրքերուն եւ Աթաթիւրքի հասցէին: Միւնիխի ձայնասփիւռը, Թուրքիոյ մէջ տեղեկագրութիւն պատրաստած թղթակցին՝ Հայնրիխ Ֆոն Լոէշի կատարած տեղեկատուութեան ընթացքին պնդեց, թէ Թուրքիոյ մէջ յետադիմութիւնը այնքան զօրացած է, որ այլեւս  հարկ չէ մնացած ծածկելու: Անատոլուի ժողովուրդը կարօտը կը քաշէ այն օրերուն, երբ իսլամութիւնը թրքութենէն գերիվեր կը նկատուէր: Թուրքերը մնացած են աշխարհի մէջ իրենց ազգային եկամուտը նուազած միակ պետութիւնը եւ ըստ փրոֆեսէօրի մը տուած տեղեկութեան, ամէնէն խառնակ ցեղերէն կը բաղկանան: Թղթակիցը յայտարարելով, որ ի վաղուց թուրք զինուորը եւ բանակը ճանչցուած են դաժանութեամբ՝ պնդեց, թէ Աթաթիւրք բազմաթիւ բարեկարգութիւններ ըրած ըլլալով հանդերձ շատ դաժան մարդ մըն էր, մասնաւորաբար հիւանդութեան վերջին օրերուն՝ քովը եկող երեսփոխանները եւ գործավարները վայրագօրէն մտրակել կու տար: Թղթակիցը յայտնեց նաեւ, թէ Աթաթիւրք սպաննել տուաւ առաջնակարգ բոլոր գործավարները եւ կարգ մը քաղաքական անձնաւորութիւններ, միայն ընկերը Ինէօնիւն ողջ ձգեց: Եւ այս առթիւ Աթաթիւրքը Ապտիւլ Համիտի հետ բաղդատեց: «Միլլիյէթ» կը գրէ, թէ Միւնիխի իր թղթակիցը իսկոյն հեռաձայնով եւ նամակով շահագրգռուող իշխանութեանց մօտ   բողոքած է ձայնասփիւռի այս ելոյթին դէմ: