Ամանորի հանդիսութիւնը, աւանդական գեղեցիկ սովորութիւն մը դարձած է այլեւս Գոքինիոյ վարժարանին համար։

Հակառակ տեղական պայմաններու շատ մը դժուարութեանց, այս տարի եւս, Գոքինիոյ կրթասէր հասարակութեան առիթը տրուեցաւ վայելելու հաճելի եւ զուարթ երկու ժամեր, հայկական ու մանկական անփոխարինելի տաքուկ մթնոլորտի մը մէջ։ Զաւարեանի սրահը շքեղօրէն զարդարուած էր օրուան պատշաճ զարդերով։ Հսկայ տօնածառը իր պէս¬պէս խաղալիքներով եւ պսպղուն լոյսերով, վարագոյրները, պատերն ու սիւները զանգակներով, մոմերով, Կաղանդ Պապուկներով եւ փալփլուն աստղերով։ Վերջապէս սրահը հագած էր իր տօնական շողշողուն զգեստները, ամէն ինչ կատարեալ էր եւ ժամանակէն շատ առաջ, սրահը սկսած էր լեցուիլ բազմութեամբ։ Հանդէսը իրենց ներկայութեամբ պատուած էին, թեմակալ առաջնորդ գերշ. Տ. Սահակ եպս. Այվազեան, Գոքինիոյ հոգեւոր հովիւ արժ. Տ. Մատթէոս քհնյ. Բարաղամեան, Ազգ. Կեդր. Վարչութեան անդամները, Գոքինիոյ Թաղական խորհուրդի անդամները, Հ. Կ. Խաչի Շրջ. վարչութիւնը, Հ. Կ. Խաչի Գոքինիոյ եւ մասնաճիւղերու վարչութիւնները, աշակերտներ եւ ծնողներ։ Վարժարանի տնօրէնուհի տիկ. Ա. Ֆարաճեան խօսք առնելով, բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն եւ Նոր Տարուան ու Ս. Ծննդեան առթիւ ջերմագին մաղթանքներ ընելէ ետք, հանդէսը բացուած  յայտարարեց։ Ներկաներու ջերմ ծափերուն մէջ բացուեցաւ վարագոյրը եւ բեմին վրայ երեւցան կապոյտ գոգնոցներով եւ ճերմակ օձիկներով մանկապարտէզի փոքրիկները, որոնց թոթով լեզուով, իրենց արտասանութիւններով ու երգերով խանդավառեցին ներկաները։ Յետոյ, նախակրթարանի տղաքը յաջող խաղարկութիւն մը ունեցան «Ճարտար բժիշկը» եւ «Կաղանդ Պապա»ն հայերէն երկու տրամախօսութեանց մէջ։ Զ. եւ Ե. դասարանի աշակերտներէն բաղկացած պարախումբը յաջող կերպով պարեց «Կ'երթամ թէ չէ» եւ «Հայաստանի աղջիկներ» երկու հայկական պարերը։ Հանդէսի աւարտին նուէրներ բաժնուեցան բոլոր աշակերտներուն՝ Հ.  Գարակէօզեանին եւ Հ. Կ. Խաչին կողմէ։