Ամերիկուհին
Եթէ կայ կին մը, որ իրական թագուհի մըն է իր երկրին մէջ ու բացարձակ ազատութիւն եւ այր մարդուն հետ հաւասար իրաւունքներ կը վայելէ, այդ կինը՝ ամերիկուհին է: Ձեռնարկներու եւ զանազան սպասարկութեանց մէջ ունի բանալի պաշտօններ եւ նոյնիսկ կ՛ըսուի, թէ յառաջիկայ նախագահական ընտրութեանց ընթացքին, հաւանաբար կին մը թեկնածութիւն դնէ նախագահութեան համար: Նման բան մը կարելի չէ երեւակայել ուրիշ որեւէ երկրի մէջ: Տարակոյս չկայ, թէ Ամերիկայի մէջ կինը ամենազօր է եւ ամենակարող: Նորագոյն վիճակագրութիւն մը կը յայտնէ, թէ երկրի տնտեսութեան երեք չորրորդը կիներու ձեռքը կը գտնուի: Մեծ ընկերութիւններու մէջ, բաժնեթուղթերու 65 առ հարիւրը կը պատկանի կիներու, իսկ դրամատուներու մէջ պահ դրուած գումարներուն՝ 65 առ հարիւրը: Կնոջ ամենազօրութիւնը միայն տնտեսական չէ, այլ նաեւ քաղաքական: 1958-ի ընտրութեանց ընթացքին, կին քուէարկուներու թիւը հասաւ 45 միլիոնի, ինչ որ կը նշանակէ, թէ երեսփոխաններէն եւ ծերակուտականներէն շատեր կ՛ընտրուին կիներու քուէներով: Նախագահութեան թեկնածուի մը ճակատագիրը կախուած է ամերիկուհիի քուէէն: Երկրին գրեթէ ամբողջ մշակութային եւ քաղաքակրթական կեանքը կախուած է ամերիկուհիէն: Զաւակները կրթելը, գիրքեր կամ նկարներ գնելը, թատերական ներկայացումներու հետեւիլը, եւ ընդհանուր առմամբ նաեւ ժամանցները, ամուսինին հագուստ-կապուստը, անոր մասնաւոր կեանքը եւ գործունէութիւնը, կնոջ վերաբերող հարցեր են: Այր մարդը պզտիկուց կը սորվի ստորադաս էակ մը ըլլալ: Այս բոլորէն ետք, ամերիկուհին ինքզինք պէտք է երջանիկ զգայ: Իտալացի կին ընկերաբանի մը կարծիքով, այս կացութիւնը վտանգաւոր է, որովհետեւ շփոթ մը կայ սեռերուն միջեւ: Կինը կը սկսի այր մարդու պէս վարուիլ, կեանքի բոլոր երեւոյթներուն մէջ գերիշխել եւ այր մարդուն դերը սահմանափակել: Կինը կը գերիշխէ, իր ցանկութիւնները կը պարտադրէ եւ այր մարդը գործադիր մարմինի մը կը վերածուի:
50 տարի առաջ....
- Details
- Category: «Ազատ Օր»ի նիւթերէն՝ 50 տարի առաջ