Լրացաւ հայկական ամենաերկարակեաց ամսագրի՝ «Բազմավէպ»-ի 120 տարին:
1843 թ.ի Յունուարին Իտալիոյ Վենետիկ քաղաքի մօտ գտնուող Սուրբ Ղազար կղզում լոյս տեսաւ «Բազմավէպ»ի առաջին համարը, ծնունդ առաւ այն ամսագիրը, որը հետագային մեծ դեր կատարեց հայագիտութեան զարգացման գործով: Անոր հրատարակութիւնը, առանց ընդմիջման, կը շարունակուի առայսօր: «Բազմավէպ»ը 120 տարեկան է: Անոր առաջին խմբագիրը Գաբրիէլ Այվազովսկին էր, աշխարհահռչակ ծովանկարիչ Յովհաննէս Այվազովսկիի եղբայրը: 1849-1851 թուականներուն «Բազմավէպ»ը կը խմբագրէր մեծ պատմաբան ու բանաստեղծ Ղեւոնդ Ալիշանը: Առաջինը Ալիշանն էր, որ թարգմանեց եւ «Բազմավէպ»ի էջերուն մէջ տպագրեց Պայրընի «Չայլտ Հարոլտ»ը: Շատ ուշագրաւ է «Բազմավէպ»ի առաջին համարը: Այն հետաքրքիր տեղեկութիւններ կը պարունակէ ազգային պատմութեան, դպրութեան ու մատենագրութեան մասին: Ահա «ՀԱՅԵՐՈՒՆ ՌՈՒՍԱՑ ՀԵՏ ՎԱՃԱՌԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ ՍԿՍԻԼԸ» յօդուածը: Անոր մէջ կը պատմուի, որ պարսկահայ վաճառական Զաքար Սարհատեանը 1600 թուականին կը հասնի Մոսկուա եւ ռուսաց Ալեքսէյ կայսրին կը նուիրէ թանկարժէք, զարդագործուած աթոռ մը, որը պատրաստած էր Զաքարի հայրը: Այդ աթոռի վրայ կային 876 ադամանդ եւ 1223 մանր ու խոշոր յակինթ: Իր ժամանակին այդ աթոռը գնահատուած է 24.443 ռուբլի: Այս դէպքէն եօթը տարի անց ռուսաց կայսրը դաշնագրութիւն կը կապէ ջուղայեցոց հետ, որմէ ետք հայերը կը սկսին առեւտրական գործերով յաճախակի երեւալ Ռուսաստան: «Բազմավէպ»ի նկարագրած այս աթոռը ներկայիս կը ցուցադրուի Մոսկուայի Քրեմլինի պալատը: Ամսագրի երկրորդ եւ երրորդ համարներուն մէջ խմբագիր Գաբրիէլ Այվազովսկիի խմբագրութեամբ առաջին անգամ հայերէն լոյս կը տեսնեն Կռիլովի առակները: «Բազմավէպ»ը իր ընթերցողներուն ծանօթացուց հին աշխարհի դասականներէն շատերու ստեղծագործութիւնները: Հոմերոսը, Օրատիոսը, Եզովպոսը, Եւկիլէսը, Եւրիպիդէսը, միջնադարեան հայ պոէզիայի ակնառու ներկայացուցիչներ՝ Յովհաննէս Սարկաւագի, Կոստանդին Երզնկացու եւ ուրիշներու գործերը: