Ամերիկեան իշխանութեանց կողմէ հրատարակութեան յանձնուեցան տարաբախտ նախագահ Քենետիի ահաբեկիչ վատանուն Լի Օզուըլտի քանի մը նամակները, որոնք այնքան կը յիշեցնեն Երուանդ Օտեանի հռչակաւոր տիպարը՝ ընկեր Փանջունին: Այդ նամակներուն մէջ հաստատելի քանի մը յայտարարութիւններ եւ ինքնախոստովանութիւններ կը բացատրեն, արդարեւ, «մարդը» եւ իր գործը: Նամակները ուղղուած են Նիւ Եորքի մէջ յօգուտ քասթրոյական Քուպայի գործող կազմակերպութեան մը: Եւ ահաւասիկ թէ ի՛նչ կ՛ըսեն. - «Անգործ էի. վիզէս յայտարարութիւն մը կախելով՝ փողոցներու մէջ թռուցիկներ ցրուելու սկսայ: Վիզէս կախ այդ յայտարարութիւնը, զոր ես պատրաստած էի, կ՛ըսէր՝ «Ձեր ձեռքերը հեռո՛ւ պահեցէք Քուպայէն: Կեցցէ՛ Ֆիտելը», Այս առթիւ ոմանք հայհոյեցին ինծի, ուրիշներ ողջունեցին: Թռուցիկներս 15 հատ էին եւ բոլորն ալ սպառեցան: «Պիտի խնդրէի, որ 40 կամ 50 հատ եւս ղրկէիք»: «Կը մտածեմ գրասենեակ մը բանալ Քուպայի ի նպաստ աշխատելու նպատակով: Այստեղ մինչեւ 30 տոլարով կարելի է գրասենեակ մը բանալ: Եթէ մի քիչ փող ըլլար… Ահաւասիկ նաեւ ուրիշ նամակ մը՝ նո՛յն տպագրութեամբ. … «Հակառակ ձեր թելադրութեան՝ գրասենեակը բացի: Իմ գործելու նոր եղանակիս մէջ մեծ տարբերութիւն մը կը տեսնէք անշուշտ, որովհետեւ անդամատուրքեր հաստատած եմ… Տարեկան 12 տոլար պիտի գանձեմ իւրաքանչիւր անդամէ, այստեղի մասնաճիւղին համար: Հինգ տոլարը պիտի փոխանցեմ ձեզի: Մարդիկ չեն ուզեր տարին հինգ տոլար վճարել ուղղակի ձեզի, սակայն դիւրութեամբ ամիսը 1 տոլար կու տան ինծի»… Կարդացէ՛ք նաեւ մնացեալը. -… «Գրասենեակս հազիւ բացած՝ երեք օր յետոյ փակուեցաւ: Շէնքին տէրերը նորոգութեան պատրուակով առարկութիւններ ըրին: Կը կարծեմ, որ կը հասկընաք»: … «Ցոյց մը կազմակերպեցի, սակայն քուպացի տարագիր «մակաբոյծները վրաս յարձակեցան: Ոստիկանութենէն պաշտօնապէս յանդիմանուեցանք: Այս դէպքը զիս զրկեց ամէն քաջալերութենէ եւ առանձին թողուց դէպքերուն դէմ յանդիման: «Այսուհանդերձ, հազարաւոր թռուցիկներ ցրուեցի: … «Հաճոյքով կը շարունակեմ թռուցիկներ ցրուելու աշխատանքը, սակայն քուպացի «մակաբոյծները» դարձեալ վրաս յարձակեցան: Տասը տոլար տուգանքի դատապարտուեցայ: «Ուրախ եմ, որ կացութիւնը օրէ օր տագնապալի բնոյթ կը ստանայ եւ տեղական ձայնասփիւռն ու պատկերասփիւռը կը հետաքրքրուին իմ աշխատանքներովս: «Դարձեալ ցոյց մը կազմակերպեցի երեք հոգիի մասնակցութեամբ… Կը յուսամ, որ երջանիկ էք, Նիւ Օրլէանի մէջ զարգացող կացութեան համար: «Ընկեր Փանջունի՜ն» է, որ, ամերիկեան հողի վրայ բուսած, կը շարունակէ ցնորական իր առաքելութիւնը: ԳԻՍԱՒՈՐ