Դեկտեմբեր 16ի կէսօրէ ետք, Գոմոթինիի Հայ Երիտ. միութեան Արամ Արամեան խումբը, գեղեցիկ հանդէսով մը տօնեց իր «Օր»ը, տեղւոյս Օտէոնի սրահին մէջ։

Որոշեալ ժամուն սրահը լեցուցած էին երկսեռ ազգայիններ, որոնց մէջ կը տեսնուէին շրջաններէն՝ Տիմոթիքայէն, Ալեքսասնտրուպոլիսէն, Քսանթիէն, Գավալայէն, եւ Թեսաղոնիկէէն եկածներ։ Ներկայ էր նաեւ Թեսաղոնիկէի Հայ Երիտ. Միութեան անդամներէն կարեւոր թիւ մը։ Բոլորն ալ եկած էին քաջալերելու նորահաս սերունդը եւ ապրելու «Հայկական Օր» մը։ Հանդէսին կը նախագահէր Ալեքսանտրուպոլիսէն ընկ. Գրիգոր Տէտէյեան, որ իր բացման խօսքով պատշաճօրէն ներկայացուց Երիտ. Միութիւններու կատարած դերը Սփիւռքի հայութեան ազգապահպանման գործին մէջ, եւ յորդորեց հայ ծնողները՝ իրենց զաւակները արձանագրել այս միութեան, ուր անոնք ազգային շունչով թրծուելով պիտի ըլլան «իրական հայեր»։ Ապա գործադրուեցաւ խնամուած յայտագիրը, որու սկզբնաւորութեան Երիտասարդացի երկսեռ երգչախումբը երգեց «Մեր Հայրենիք»ը, որ ունկնդրուեցաւ յոտնկայս։ Քայլերքէն վերջ, Միութեան խմբապետը՝ ընկ. Յակոբ Գալայճեան կարդաց ուղերձ մը, նուիրուած՝ իր պատկանած խումբին։ Յայտագիրը շարունակուելով երգչախումբին կողմէ մէջ ընդ մէջ յաջողութեամբ երգուեցան «Եղբայր ենք մենք», «Լուսին չկար», «Սարերի վրով գնաց», եւ «Ով, Մեծասքանչ դու լեզու» երկձայն երգերը։ Ընկերուհիներ Հերմինէ Գալայճեան՝ «Հայոց Կռունկին», եւ Ազնիւ Չիլինկիրեան՝ «Խոնարհեցէք ձեր գլուխը» եւ ընկեր Գէորգ Պեքիարեան «Հայ նոր սերունդին» քերթուածները արտասանեցին խոր ապրումով եւ ներկաներու բուռն ծափահարութեանց արժանանալով։ Յայտնութիւն մը եղաւ նորահաս ընկեր Գէորգ Պեքիարեան իր «Ծիծեռնակ, ծիծեռնակ» եւ «Ինչո՛ւ բինկէօլը մտար» զոյգ մեներգներով։ Դեռ պատանի այս ընկերը՝ որ առաջին անգամն ըլլալով յայտնուեցաւ որպէս մեներգու, ունի գոռ ձայն եւ երգելու բացառիկ ձիրք։ Հանդիսականները խելայեղօրէն ծափահարեցին զինքը եւ կրկնութիւն առաջարկեցին։

(Շար. 1)