Նիկոսիայէն ստացուած հեռագրական տեղեկութեանց համաձայն, անցեալ Ուրբաթ օր, Կիպրոսի մայրաքաղաք Նիկոսիոյ մէջ արիւնալի միջադէպեր պատահած են թուրքերու եւ հելլէններու միջեւ։
Երկու թուրքեր սպաննուած են բազմաթիւ հելլէններ ու թուրքեր վիրաւորուած են։ Նախագահ Մակարիոս սրբազան եւ փոխ-նախագահ պրն. Քիւչիւկ կողմերուն կոչ ըրած են որ պաղարիւն ըլլան ու բարեկարգութիւնը չխանգարեն։ Միեւնոյն ատեն, ոստիկանութիւնը կտրուկ միջոցներ ձեռք առած է, նոր բախումններու արգելք հանդիսանալու համար։ Այսուհանդերձ, ստացուած նորագոյն տեղեկութիւններ կը հաղորդեն թէ՝ Շաբաթ օր, թուրք խուժանը Նիկոսիա-Կերինիա ճամբուն մէկ մասը պաշարած եւ յարձակած է անկէ անցնող յունական ինքնաշարժներուն վրայ։ Զանազան գիւղերու մէջ ալ յարձակումներ տեղի ունեցած են հելլէններու վրայ։ Տեղի ունեցած նոր բախումներու ընթացքին սպաննուած են 9 թուրքեր, 3 անգլիացիներ եւ 2 հելլէններ։ Քսանէ աւելի թուրքեր եւ հելլէններ վիրաւորուած են։ Երէկ իրիկուընէ անդորրութիւն կը տիրէ կղզիին մէջ։ Կացութիւնը իշխանութեան ձեռքն է։ Կիրակի օր, Մեծն Բրիտանիոյ եւ Միացեալ Նահանգներու դեսպանները խորհրդակցած են նախագահ Մակարիոս արքեպիսկոպոսի եւ փոխ-նախագահ պրն. Քիւչիւկի հետ։ Անոնք իրենց կառավարութեանց մտահոգութիւնը յայտնած եւ կողմերուն չափաւորութեան կոչ ըրած են։ Մակարիոս արքեպիսկոպոս եւ պրն. Քիւչիւկ ժողովուրդին կոչ ըրած են որ վերջ տայ թշնամութեանց։ Հելլէն կառավարութիւնը այսօր Կիպրոս ղրկեց Ուաշինկթընի նախկին դեսպան պրն. Ե. Մելասը՝ որպէսզի տեղւոյն վրայ կացութիւնը քննէ եւ կառավարութեան զեկուցում տայ։ Արտաքին գործոց նախարար պրն. Վենիզելոս յայտարարեց թէ քայլեր առնուած են եւ յոյս կայ որ կացութիւնը մեղմանայ։
Ղուլանտրի եղբայրներու «Կրիք Լայն» ընկերութեան պատկանող «Լաքոնիա» անդրովկէանոսեան նաւը հրոյ ճարակ դարձաւ Մատերայի բացերը։ Նաւուն մէջ գնտուող 651 ճամբորդները եւ անձնակազմի 385 անդամներէն շատեր նաւը լքեցին։ 24 մեռեալ կայ եւ 136 հոգիի մասին տեղեկութիւն չկայ։