Հայկական լեռնաշխարհը հարուստ է արագահոս ջուրերով, որոնք կարելիութիւնը կուտան ելեկտրակայաններու շինարարութեան։

Այսպէս, մինչեւ 1932 կառուցուած են Երեւանի առաջին եւ երկրորդ ջրելեկտրակայանները, Լենինականի եւ Ձորագէսի ջրելեկտրակայանները։ Բայց, անոնք հեռու ըլլալով բաւարարելէ արդիւնաբերութեան պահանջները, ձեռնարկուած է նոր ելեկտրակայաններու կառուցման - Սեւան - Հրազդան ջրվէժը, Քանաքեռգէսը, Սեւանի ստորերկրեայ ելեկտրակայանը,  Գիւմուշգէսը, Արզնիգէսը եւ այլ ելեկտրակայններ, որոնք հնարաւորութիւն տուած են արդիւնաբերական շինարարութեան լայն ծաւալման։ Վերջին տարիներու ընթացքին կառուցուած են Երեւանի, Կիրովականի եւ այլ վայրերու ջերմելեկտրակայանները։ 1963-ին, ելեկտրական ուժի արտադրութիւնը հասած է աւելի քան 2.1 միլիառ քիլովաթ ժամի։ Արդէն 1958-ին, Հայաստանի մարդ գլուխ ելեկտրական արտադրութիւնը զգալի կերպով աւելի էր քան կարգ մը երկիրներու մարդ գլուխ արտադրութիւնը։ Այս իրողութիւնը հուժկու թափ տուած է Հայաստանի արդիւնաբերութեան կարեւորագոյն ճիւղերու զարգացման, որոնց շարքին նշենք՝ գունաւոր մետաղագործութիւնը։ Հայաստանի մեքենաշինութեան եւ սարքաշինութեան առաջնակարգ արուեստը կրնայ մրցիլ կարգ մը երկիրներու արտադրութեան հետ։ Երկրի մեքենաշինութիւնը ստեղծուած է շատ կարճ ժամանակամիջոցի մը եւ անոր գլխաւոր ճիւղերէն են սարքաշինութիւնը եւ ելեկտրական արդիւնաբերութիւնը, որոնցմէ աւելի քան քառասուն մեծ ձեռնարկութիւններ յանձնուած են շահագործման։ Ելեկտրականութեան արդիւնաբերութիւնը իր համախառն արտադրութեան ծաւալին տեսակէտէն Սովիէթ Միութեան երրորդ տեղը կը գրաւէ Ռուսաստանէն եւ Ուքրանիայէն ետք։ Քիմիական արդիւնաբերութիւնը Հայաստանի տնտեսութեան առաջաւոր ճիւղերէն մէկն է, որ զարգամցան շատ մեծ հեռանկարներ ունի, տրուած ըլլալով երկրին հում նիւթերու հարուստ պաշարը, ինչպէս նաեւ արտադրութեան նուազ ինքնարժէքը։