Ոսկերչութիւնը շատ հին ժամանակներէ ի վեր հայոց յատուկ արհեստ մը եղած է Կոստանդնուպոլսոյ մէջ, հետզհետէ զարգացող, նրբացող գեղեցկագիտական ճաշակով մը։
Եւրոպացի ոսկերիչներն ալ չեն կրցած մրցիլ մրե ոսկերիչներուն հետ։ Միմիայն նախնական նիւթերն են որ պէտք եղած ատեն Եւրոպաէն ներմուծուած են։ Ոսկերիչ անուան տակ համախմբուած են ոչ միայն անոնք, որ ոսկեղէն առարկաներ կը պատրաստեն, այլեւ ակնավաճառները, արծաթեղէնի նոյնիսկ ոսկերչութեան հետ առընչութիւն ունեցող ուրիշ արհեստաւորները։ Պոլսոյ Մեծ Շուկան, իր կամարակապ ու հոյակապ բաժանումներուն մէջ, որոնք դարերու հետքը կը կրեն եւ բնիկ ժողովուրդին եւ օտարազգի հիւրերուն միանգամայն հետաքրքրութիւնը կը շարժեն, ընդարձակ մաս մը յատկացուցած է ոսկերչութեան ճիւղին, թէ իբրեւ արուեստ եւ թէ իբրեւ առեւտուր, ընդարձակ սահմանի մը մէջ։ Ոսկերչութեան ստորաբաժանումներն են «մուպահեաճին» թանկագին քարերու վաճառականը, ակնագործը, բուն ոսկերիչը, թանկագին քարեր գամողը, մարգարտավաճառ եւայլն։ «Մուպահեաճի»ին գործը բաւական դժուար է։
Արեւմտեան Պերլինի բնակիչներէն առաջին այցելուները «Ամօթի պատ»ը անցնելով Արեւելեան Պերլին մտան, իրենց ազգականներուն այցելելու համար տօնական օրերու առթիւ։ Արեւելեան Պերլին մուտքի արտօնագիր տուող 12 գրասենեակներուն առջեւ այնքան կարգ սպասողներ կային որ գրասենեակները չկրցան ամէնուն արձանագրութիւնները կատարել եւ արտօնագիր տալ։ Գրասենեակները յետմիջօրեայ առաջին ժամերուն փակուեցան, յաջորդ օր կրկին բացուելու համար։
Սովիէթ Միութիւնը յաջողութեամբ արձակեց գիտական արբանեակ մը, «Գոզմոս 24»ը։ Արբանեակը կը պարունակէ զանազան դիտական մեքենաներ՝ Անջրպետի ուսումնասիրութեան համար։ Միացեալ Նահանգներու Փոյնթ Արկուելոյէն կը հաղորդեն թէ հոն արձակուած է նոր արբանեակ մը, Ծնունդի Աստղ անունով։