• Խորհրդային Միութեան նախարարներու խորհուրդը քննութեան առած եւ վաւերացուցած է Հայաստանի համայնավար կուսակցութեան Կեդրոնական կոմիտէի եւ Հայաստանի նախարարներու խորհուրդին մէկ առաջարկը: "Սեւանայ լիճին մակարդակը գրեթէ բնականոն բարձրութեան վրայ պահելու համար Արփա գետին ջուրերուն մէկ մասը շեղել Սեւանայ լի": Շնորհիւ այս որոշումին, որուն գործադրութիւնը պիտի սկսի 1963-ին ու պիտի աւարտի 4 -5 տարիէն, կարելի պիտի ըլլայ ապահովել Հայաստան ելեկտրականութեան ապագայ պահանջները, ոռոգումի համար անհրաժեշտ ջուրը՝ միաժամանակ գրեթէ բնականոն բարձրութեան վրայ պահելով Սեւանայ լիճին մակարդակը: Սեւանայ լիճը ամէն տարի Արփա գետէն պիտի ստանայ առնուազն երեք հարիւր միլիոն խորանարդ մեթր ջուր:

 

  • Վիեննայի Մխիթարեանի կրկնակ յոբելեաննե րուն առիթով, յոբելեար Մեսրոպ արք. Հապոզեանին եղած են հետեւեալ նուէրները.-
    1.- Ոսկի մետալ մը հոգեւոր տիրոջ՝ Գրիգոր-Պետրոս ԺԵ. Աղաճանեան ծիրանաւորին եւ կաթողիկէ հայոց կաթողիկոս-պատրիարքին կողմէ:
    2.- Վիեննայի Մխիթարեան միաբանութեան կողմէ՝ լանջախաչ մը շղթայով:
    3.- «Նկարիչներ եւ քանդակագործներ» հատորը՝ փեշտահայոց կողմէ:
    4.- Արծաթէ ափսէ՝ Գէորգ Միքայէլեանի կողմէ:
    5.- «Հայ մանրանկարչութիւն» գիրքը՝ Ամատունի եպս.ի կողմէ:
    6.- Գոհարազարդ սկիհ մը՝ վիեննահայ գաղութին կողմէ:
    7.- Սիրուն բաժակաման մը՝ Վենետիկի Մխիթարեան միաբանութեան կողմէ:
    8.- Ծոցատետր մը՝ անծանօթի մը կողմէ:
    9.- Տաշեան ցուցակի շարունակութիւնը (անաւարտ)՝ տոքթ. Համազասպ վրդ. Ոսկեանի կողմէ:
    Սեպտեմբեր 8-ին տեղի ունեցած է յոբելեաններուն փակումը: Ուլուհոճեան աբբահայր վանքի եկեղեցիին մէջ ձայնաւոր պատարագ մը մատուցած է: Եկեղեցիին մէջ ասեղ ձգելիք տեղ չէ մնացած: Սեպտեմբեր 10-ին ալ տեղի ունեցած է աւանդական Ս. հաղորդութեան թափօրը՝ Վիեննայի փողոցներուն մէջ, հանդիսութեամբ գերապայծառ Ամատունիի եւ մասնակցութեամբ աւելի քան յիսուն զգեստաւորեալ եկեղեցականներու: