Երէկ, կէսօրէ առաջ ժամը 11-ին, տեղի ունեցաւ Խորհրդարանի 7-րդ նստաշրջանի բացումը, վեհապետի, գահաժառանգ իշխանի, վարչապետ պրն. Բաբանտրէուի եւ կառավարութեան անդամներու ներկայութեան։

Ներկայ էին նաեւ՝ օտար երկիրներու դեսպանները եւ օտար պաշտօնական դէմքեր։ Խորհրդարանի բացման հրաւիրուած էր նաեւ՝ թեմակալ առաջնորդ գերշ. Տ. Սահակ եպս. Այվազեան, որ սակայն մայրաքաղաքէն բացակայ ըլլալով՝ զայն փոխարինեց Աթէնքի հոգեւոր հովիւ արժ. Տ. Ներսէս Ա. քհնյ. Խոշորեան։ Խորհրդարանի բացման առթիւ, տեղի ունեցաւ եկեղեցական արարողութիւն՝ նախագահութեամբ Աթէնքի եւ համայն Յունաստանի արք. Խրիսոսթոմոս սրբազանի։ Վեհապետին եւ գահաժառանգին ժամանումէն առաջ, եկեղեցական արարողութիւններէն ետք, տեղի ունեցաւ երեսփոխաններու երդման արարողութիւնը։ Խորհրդարանը այսօր, կէսօրէ ետք ալ նիստ պիտի գումարէ, ընտրելու համար նախագահը։ Կառավարական թեկնածուն պրն. Ցիրիմոքոսն է, որ կը կարծուի թէ՝ պիտի ընտրուի առաջին քուէարկութեամբ։ Նախագահի եւ նախագահական կազմի ընտրութենէն ետք, վարչապետ Բաբանտրէու պիտի կարդայ կառավարութեան ծրագրային յայտարարութիւնները։ Ուրբաթ օր պիտի սկսին վիճաբանութիւնները, որ կը կարծուի թէ վերջ պիտի գտնեն Երկուշաբթի, երբ տեղի պիտի ունենայ քուէարկութիւն՝ վստահութեան համար։

 

Խորհրդարանը 167 քուէով նախագահ ընտրեց կառավարութեան թեկնածու եւ Աթէնքի երեսփոխան պրն. Իլիաս Ցիրոմոքոսը։ Նոր նախագահին ի նպաստ քուէարկեցին՝ Կեդրոնի Միութեան երեսփոխաններէն 134 հոգի, ծայրայեղ ձախի (ԷՏԱ) 28 երեսփոխանները եւ 5 հոգի ալ Ազգային Արմատական Միութեան (ԷՌԷ) երեսփոխաններէն։ Այս վերջիններէն 124 հոգի ճերմակ քուէ նետեցին։ Յառաջդիմական կուսակցութեան երեսփոխաններն ալ քուէարկեցին ի նպաստ պրն. Մարքեզինիս։ Նախագահական կազմի միւս անդամները պիտի ընտրուին յաջորդ օր։