Պէյրութի ազգային «Յառաջ» վարժարանը  միշտ յարաճուն վերելքի մէջ է, շնորհիւ տարուած աշխատանքներուն: 1963-64 կրթական տարեշրջանին արդէն բացուած է Ժ. դասարանը:

Եկող տարի կ՛ունենանք նաեւ ԺԱ. դասարանը: Այդպէսով հասած կ՛ըլլանք առաջադրուած նպատակակէտին՝ վերածելով զայն հայ սքուլի: Վարժարանի երկսեռ պաշտօնէութիւնը կը բաղկանայ քսան հոգիէ: Տնօրէնն է‘ Սարգիս Թ. Զէյթլեան, որ Համազգայինի Նշան Փալանճեան Ճեմարանի աւարտականներէն է, ու տարիներ շարունակ ձեռնհասօրէն վարած է «Յուսաբեր»-ի խմբագրութիւնը: Վստահ ենք, որ պիտի իրականացնէ մեր յոյսերը: Ուսուցչական կազմին մէջ կան Պ. Սէ. եւ Պ.Է. ունեցողներ: Կան երկարամեայ փորձառութիւն ունեցողներ: Կան նաեւ հայ սքուլներէ վկայեալներ: Բոլորն ալ հոգիով փարած են գործին‘ հայ նորահաս սերունդը գալիքին պատրաստելու համար: Երկսեռ աշակերտութեան թիւն է 354, մանկապարտէզն ալ միասին առած: Այս տարուան պիւտճէն մօտ 45 հազար լ. ոսկի է: Հոգաբարձութիւնը շնորհաւորելի աշխատանք տարած է ու կը տանի վարժարանի պիւտճէն ապահովելու ու անոր վերելքը հիմնաւորելու համար: Անցած շաբաթ Այնճար ժամանեցին մեր ղեկավար ընկերներէն՝ Մովսէս Տէր Գալուստեան, Յովհաննէս Տէվէճեան, Կոպեռնիկ Թանտրճեան, Ժաք Մուրատեան, Սամուէլ Չորպաճեան, որոնք  այցելեցին «Յառաջ» վարժարանը։ Անոնք այցելեցին նաեւ Ս. Պօղոս եկեղեցին, հնութիւնները, ակն ու տեսարժան վայրերը: Վերջին այցելութիւնը վերապահուած էր ՀՅԴ «Բաբգէն Սիւնի» ակումբին, ուր եղան բարիգալուստի մաղթանքներ: Հիւր ընկերները խօսեցան Դաշնակցութեան գաղափարաբանութեան, դաւանանքին, ազգապահպանման, հայ մշակոյթի զարգացման եւ ազատ ու անկախ հայրենիք ունենալու մասին:
Նշելի է թէ վիճակով դադրած ազգային նոր երեսփոխանի մը ընտրութիւնը, համաձայն Ազգային սահմանադրութեան տրամադրութեանց, տեղի ունեցաւ անցած կիրակի, Ազգային «Յառաջ» վարժարանին մէջ: Միաձայնութեամբ, 325 քուէներով վերընտրուեցաւ Այնճարի նախկին ազգային երեսփոխան Գէորգ Էմմիեան: