«Ազդակ» իր նախանցեալ թիւով հրատարակեց շահեկան տեղեկութիւններ՝ հայ բժշկական միութեան գործունէութեան մասին, տեսակցութիւն մը ունենալով միութեան յարգելի ատենապետ տոքթ. Գէորգ Կերկերեանի հետ:
Միութեան ծրագիր-կանոնագրին մաս կազմող «Նպատակ»ի գլուխին հինգ յօդուածները առաւելագոյն չափով կÿընդգծեն անոր գործունէութեան տարողութիւնն ու կարեւորութիւնը.
1) Վառ պահել ու զարգացնել գիտական ոգին իր անդամներուն մէջ:
2) Մշակել, զօրացնել հայ բժիշկներու մէջ ընկերային եւ բարոյական կապերը ու բարձր պահել հայ բժիշկին անունը եւ պատիւը:
3) Կարելի եղածին չափ հայացնել բժշկական գիտական բառերը:
4) Բարելաւել հայ ժողովուրդին առողջական վիճակը:
5) Օգնել բարոյապէս եւ նիւթապէս՝ բժշկութեան հայ կարօտ ուսանողներուն:
Իրենց միամեայ գործունէութեան ընթացքին հայ բժիշկները աշխատած են կարելի եղած չափով իրագործել այս հիմնական նպատակները եւ մեծ համեմատութեամբ յաջողած են, յատկապէս՝ իրենց նպատակի մարդասիրական ճիւղին մէջ:
Տոքթ. Գ. Կերկերեանի հետ մեր ունեցած տեսակցութեամբ, կրցանք արդէն հասարակութիւնը տեղեակ պահել կատարուած աշխատանքին մասին: Ներկայիս կ՛ուզենք շեշտը դնել այլ հարցի մը վրայ, որուն ակնարկած էինք՝ առանձին խմբագրականի մը վերապահելով անոր խորացումը: Ատիկա ազգային հիւանդանոցի մը անհրաժեշտութեան խնդիրն է: Լիբանանահայ գաղութը, քառասնամեայ իր կեանքով, ազգային հաստատութիւններու մարզին մէջ, արձանագրած է նկատառելի վերելք մը, որ տակաւին կը շարունակուի իբրեւ բնական արդիւնքը հայ ժողովուրդի շինարար ոգիին: Եկեղեցիներու եւ դպրոցներու ցանց մը այսօր գոյութիւն ունի եւ կը գործէ Լիբանանի բոլոր շրջաններուն մէջ՝ սատարելով հայապահպանման կենսական պայքարին: Առողջապահական մարզին մէջ ունինք Ազունիէի հիւանդանոցը, որ իր արդիական սարքաւորումով եւ առողջապահական գործին ընծայած նպաստով պատիւ կը բերէ մեր համայնքին: Բայց Ազունիէն մասնակի հիւանդութեան մը յատուկ հաստատութիւն մըն է, ընդհանուր հիւանդանոց մը չէ:
Կը կարծենք, թէ ժամանակը եկած է, որպէսզի այս գաղութը ունենայ իր ազգային հիւանդանոցը, որուն կարեւորութիւնը հրամայական դարձած է բազմաթիւ պատճառներով: