Թրակիոյ հայոց շրջուն հոգեւոր հովիւ արժ.  Տ. Շահէ քահանայ Գալայճեան, Նոյեմբեր 19-ին, անակնկալօրէն Վոլօ ժամանելով՝ մեծ ուրախութիւն պատճառեց քաղաքի փոքրաթիւ հայերուն։

Տէր հայրը, Թեսաղոնիկէի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ հիմնադրութեան 60-ամեակի առթիւ տեղի ունեցած մատաղօրհնութեան եւ Ս. պատարագին մասնակցելէ յետոյ, փափաքեր է մինչեւ Վոլօ գալ, 45 տարիէ ի վեր չտեսած իր մէկ ազգականուհին տեսնելու եւ այս բացառիկ առիթը օգտագործելով՝ տեղւոյն ցիրուցան հայերուն հոգեւոր մխիթարութիւն ընծայելու համար։ Վոլոյի հայերը, եօթ տարիէ ի վեր հայ քահանայի երես տեսած չէին եւ ատոր համար անմիջապէս լուր տուին ազգակիցներուն։ Ամսուն 21-ին, պրն. Վահան Չէօկիւրեանի բնակարանը հաւաքուեցան շուրջ 18-20 հոգի։ Տէր հայրը, Թեսաղոնիկէէն իր հետ բերած էր նշխարներ որոնք բաժնեց բոլորին։ Տէրունական աղօթքէն ետք նախ շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր ներկաներուն, իրենց ներկայութեան համար, ապա՝ Աւետարանէն աշխարհաբար քանի մը գլուխ կարդալով բացատրեց անոնց իմաստը։ Տէր հայրը թելադրեց յաճախ հաւաքուիլ պրն. Չէօկիւրեանի բնակարանը եւ աղօթել, Աւետարանէն գլուխներ կարդալ եւ այս ձեւով կապ հաստատել իրարու հետ։ Աղօթաժողովէն ետք, Տէր հայրը Խաչահանգիստ կատարեց ու «Պահպանիչ»ով եւ «Հայր Մեր»ով վերջացաւ Վոլոցիներուն համար ուրախառիթ այս պահը։ Տէր հայրը շնորհակալութիւն յայտնեց Չէօկիւրեան ընտանիքին, իրենց բնակարանը տրամադրելուն համար եւ մխիթարական խօսքերով սրտապնդեց ներկայ հաւատացեալները։ Ցաւալի է ըսել՝ որ ոչ մկրտուելիք պզտիկ գոյութիւն ունի եւ ոչ ալ ամուսնանալիք զոյգ, որպէսզի կատարուէին այս Ս. Խորհուրդները։ Տ. հայրը հաղորդութիւն չտուաւ հաւատացեալներուն, որովհետեւ ծոմ բռնած չէին։ Յաջորդ օր, Տէր Շահէ քհնյ. Գալայճեան մեկնեցաւ դէպի Թեսաղոնիկէ, անկէ իր շրջանը՝ Թրակիա երթալու համար։ Վոլոցիները իրենց խորին շնորհակալութիւնները յայտնեցին Տէր հօր, որ իր անակնկալ այս այցելութեամբ ուրախացուց եւ հոգեւոր մխիթարութիւն պարգեւեց։