Կեսարիայէն 20 Հոկտեմբեր թուականով կը գրեն.- Մեր թեմի վաստակաւոր հովիւ Հայկազուն քահանայ Կարապետեան, որ քանի մը օր առաջ Կէմէրէկի գիւղերը հովուական այցելութիւն մը տուած էր, երէկ առաւօտ Գայսէրի վերադարձաւ։

Միայն Կէմէրէկի մէջ հազիւ 20-25 ընտանիքներ մնացած են. իսկ Եէքմէնի մէջ 12 ընտանիք։ Շատերը հողագործութեամբ կը զբաղին եւ բարեկեցիկ վիճակ մը ունին։ Քաղաքին եւ գիւղերու բնակչութեան մեծամասնութիւնը կը կազմեն Արեւելքէն եւ Թրակիայէն եկած թուրք գաղթականներ եւ ամէնքն ալ եղբայրաբար կ՛ապրին։ Գայսէրիի ելեկտրական ցանցը, որ կապուած է Սարէչ գիւղին գետին, շատ մեծ մեքենաներով ագուցուած է եւ մինչեւ Գայսէրի պասով երկուքուկէս ժամուան հեռաւորութեան վրայ ելեկտրական ձողեր զետեղուած են։ Ամէն գիւղ ունի իր ուրոյն նախակրթարանը, որոնցմէ շատերու ուսուցիչները սիրով ընդունած են տէր հօր կողմէ կատարուած թելադրութիւնները։ Այս շրջաններուն օդը եւ տեսարանները շատ առողջարար եւ հիանալի են։ Երկրագործ գիւղացին առատ բերքին ի տես ուրախ զուարթ կ՛աշխատի դաշտերու մէջ։ Պուրհան, Տէնտիլ, Սարօղլան, Եահեալը ագարակին մէջ հայութիւն չէ մնացած։ Սարըօղլան գիւղը, որ այժմ գիւղաքաղաքի վերածուած է, ծննդավայրն է Սահակ Ծ. վարդապետ Փափազեանի, երկաթուղիի կայան ըլլալով ծածկուած է բարեբեր արտերով։ Այսօր, Հայկազուն քահանան Ս. պատարագ մատուցեց եւ հոգեհանգստեան մասնաւոր պաշտօն կատարեց քաղաքիս Ս. Լուսաւորիչ եկեղեցիին մէջ, ի յիշատակ պոլսաբնակ բնիկ գայսէրիցի տոքթ. Յարութիւն Խորխորունիի ծնողաց։ Տէր հայրը իր այցելութեան միջոցին գիւղերը գտնուելուն տոքթորը չէ կրցած տեսակցիլ հետը եւ եկեղեցիի պաշտօնեաներուն իր նուէրը տալով, Պոլիս վերադարձած է։ Հոս օդերը ցրտեցին, առաւօտները սաստիկ պաղ կ՛ընէ։ Արգէոս լերան գագաթը ձիւնով ծածկուած է։ Այգեկութքը աւարտեցաւ, ու վարուցանը սկսաւ։