Փարնասոսի սրահին մէջ, տեղի ունեցաւ աթենահայ սիրուած երգչուհի տիկին Ծաղիկ Գազանճեանի երգահանդէսը՝ կազմակերպութեամբ Ֆրանքեւհելլէն Լիկային եւ ի ներկայութեան բազմահարիւր արուեստագէտներու։

Տաղանդաւոր երգչուհին մեծ յաջողութեամբ երգեց յայտագրի բոլոր երգերը, արժանանալով ներկաներու բուռն ու երկարատեւ ծափահարութեանց եւ մէկ քանի անգամ բեմ հրաւիրուելով։ Յայտագրին մաս կը կազմէին ընտիր կտորներ՝ Կլիւքէն, Սքարլաթթիէն, Շուպէրթէն, Մասընէէն, Պրամսէն, Ֆրանքէն, Պիզէէն, Վերտիէն, Փուչինիէն եւ Ե. Բլաթոնէն։ Յայտագրի վերջաւորութեան՝ ներկաներու «պիզ»երուն վրայ, տիկին Գազանճեան երգեց հայերէն երգ մըն ալ։ Տիկին Գազանճեան երէկուան երգահանդէսով փայլուն յաղթանակ մըն ալ արձանագրեց եւ մանաւանդ հայ սրտերը ուրախութեամբ ողողեց։ Յայտագրի առաջին մասի վերջաւորութեան՝ գեղեցիկ ծաղկեկողով մը նուիրուեցաւ շնորհալի երգչուհիին։

 

Թեսաղոնիկէի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ  հիմնադրութեան 60-րդ տարեդարձի տօնակատարութեան մասնակցելու եւ ազգային ու եկեղեցական զանազան հարցերու քննութեամբ եւ լուծմամբ զբաղելու համար, ամսուն 14-ին, օդային գծով Թեսաղոնիկէ ժամանեց գաղութիս բարեջան առաջնորդ՝ գերշ. Տ. Սահակ Ս. Եպս. Այվազեան, ու յաջորդ օրը՝ Ազգային Կեդր. վարչութեան ատենապետ՝ պրն.  Ներսէս Յակոբեան։ Սրբազան հայրը, առաջնորդուեցաւ ընկ. Ռ. Գալֆայեանի բնակարանը, ուր եւ հիւրասիրուեցաւ։ Շաբաթ առաւօտ տեղի ունեցաւ աղօրհնութիւն եւ մատաղցու ոչխարներու զենում։ Իսկ Կիրակի առաւօտ եպիսկոպոսական Ս. պատարագ, որուն ներկայ էր մեծ թիւով բազմութիւն։ Սրբազան հօր կը սպասարկէին Արժ. Տ. Ղուկաս Ա. քհնյ. Ֆիլիզեան, Թրակիոյ շրջուն հոգեւոր հովիւ՝ արժ. Տ. Շահէ քհնյ. Գալայճեան եւ համայնքիս հոգեւոր հովիւ արժ. Տ. Անուշաւան քհնյ. Յարութիւնեան։ Արարողութեանց աւարտումէն ետք, բոլոր ներկաներուն բաշխուեցան մատաղի ծրարիկները։