Հ. Յ. Դաշնակցութեան «Օր»ը ինչպէս ամէն  տարի, այս տարի եւս, Կիրակի օր, խանդավառութեամբ եւ մեծ շուքով տօնուեցաւ Գոքինիոյ «Զաւարեան» սրահին մէջ, ի ներկայութիւն մեծ թիւով համակիրներու, ընկերներու եւ երկու սեռէ հաւատաւոր երիտասարդներու։

Ներկայ էին՝ Գոքինիոյ հոգեւոր հովիւ արժ. Տ. Մատթէոս քհնյ. Բարաղամեան, Աթէնքի եւ Գոքինիոյ Ազգային Մարմիններու ներկայացուցիչներ, ինչպէս նաեւ բոլոր կազմակերպութիւններու եւ միութիւններու վարչութիւնները։ Շրջաններէն եւս բաւական թիւով հայրենակիցներ ու ընկերներ փութացած էին Դաշնակցութեան խօսքը լսելու եւ անոր «Օր»ուան իրենց յարգանքը մատուցանելու։ Բեմը զարդարուած էր հելլենական եւ հայկական դրօշակներով։ Խոր լռութեան մէջ բացուեցաւ վարագոյրը եւ ներկաները ոտքի ելան ի տես բեմին մէջտեղը կանգնած ճերմակ յուշարձանին, որուն վրայ զետեղուած էին Դաշնակցութեան Երրորդութեան՝ Քրիստափորի, Ռոստոմի եւ Զաւարեանի մեծադիր նկարները, երիզուած Եռագոյնով։ Երկու կողմերը կանգնած էին երկու հայ ֆետայիներ զէնքը ձեռքին ու պատրաստ վիճակի մէջ։ Մինչ երգչախումբը ցած ու մրմունջով կ'երգէր «Մեր հայրենիք»ը Երիտասարդացի պատանիներէն Արմենակ Կէօվտէրէլեան ծաղկեպսակ մը զետեղեց յուշարձանին առջեւ։ Օրուան նախագահ ընկ. Կարօ Մինասեան բացման խօսքը ընելով ըսաւ.- Տարին մէկ օր Դաշնակցութեան կը նուիրուի։ Այդ օրը ոչ միայն մենք՝ Դաշնակցականներս, այլ նաեւ համակիրներն ու անոր գործը գնահատող բարեկամներն ալ կը հաւաքուինք տօնելու հայ ժողովուրդի սիրելի կազմակերպութեան՝ Դաշնակցութեան «Օր»ը...։ Հանդէսին իսկապէս փայլ տուաւ երկսեռ երգչախումբը, որ ղեկավարութեամբ վաստակաւոր երգահան պրն. Յակոբ Փափազեանի, հինգ խմբերգներով ելեկտրականացուց մթնոլորտը։ Հ.Յ.Դ. Երիտասարդացի կողմէ ուղերձ մը կարդաց ընկ. Արա Մանկոյեան։ Ընկ. Յարութիւն Սարաճեան եւ ընկ. Սոնա Պէօրէքճեանի օրուան յատուկ արտասանութիւններով արժանացան ջերմ ծափերու։ Յետոյ բեմ հրաւիրուեցաւ օրուան բանախօս ընկ. Նուարդ Պէօրէքճեան, որ իմաստալից բանախօսութեամբ մը ներբողը հիւսեց Հ. Յ. Դաշնակցութեան եւ եօթանասունամեայ գործունէութեան, տալով անոր յեղափոխական եւ մարտական գործունէութեան հանգրուանները։