Քանի մը շաբթուան մէջ, երկրորդ անգամ ըլլալով, Արեւմտեան Գերմանիայէն Պերլին տանող ճամբաներուն վրայ, որոնք ստիպողաբար կ'անցնին խորհրդային գօտիէն, լուրջ տագնապներ ստեղծուեցան,

երբ խորհրդային հսկիչ կայաններուն առջեւ ամերիկեան զինուորական կարաւաններ արգելքներու հանդիպեցան, խորհըրդային իշխանութիւններու պահանջներուն գոհացում տրուած չըլլալով։ Երեք անգամին ալ Խորհրդայիններ ստիպուեցան տեղի տալ, երբ ամերիկացիք մերժեցին ենթարկուիլ ընդունուած ձեւակերպութիւններէն դուրս քննութիւններու։ Մասնաւորաբար խորհրդայիններ կը պահանջէին, որ կարաւանին մաս կազմող ամերիկացի զինուորները իջնեն իրենց կառքերէն՝ մարդահամարի համար, եւ կամ բանան կառքերուն ետեւի դուռը, որպէսզի այդպէսով տեղի ունենայ մարդահամարը։ Այս անգամ եւս, ինչպէս նախորդներուն, ամերիկացիք մերժեցին ընթացք տալ ու ի վերջոյ արտօնութիւն ստացան անցնելու։ Աշխարհի երկու գերտէրութիւնները, որոնք իրենց ունեցած զինական զօրութեամբ կրնան երկրագունդը քարուքանդ ընել, մեր մոլորակի ամէնէն զգայուն կէտին՝ Պերլինի մէջ, ձեւակերպութիւններով կը զբաղին։ Անշուշտ դէպքը ինքնին վտանգաւոր բնոյթ մը չունի, որովհետեւ ոչ ոք կրնայ մտքէն անցընել, թէ նման վէճի մը համար թնդանօթներ պիտի գոռան, երբ տեսանք, թէ շատ աւելի ծանրակշիռ պահերու (Քուպա՝ օրինակ), նախայարձակը ի վերջոյ նահանջեց, իսկ յաղթական կողմն ալ շատ չպնդեց եւ չուզեց շահագործել իր յաջողութիւնը։ Բայց, երբ նման դէպք մը կը պատահի Մոսկուայի հիւլէական դաշնագրի ստորագրումէն հազիւ երեք ամիս ետք, ցոյց կու տայ, թէ որքան փխրուն է ստեղծուած գոյավիճակը եւ կը բաւէ, որ կողմերէն մէկը ֆաուլ մը ընէ, որպէսզի Պաղ պատերազմը վերսկսի։ Ի՞նչ կը հետապնդէ Մոսկուա՝ նման արուեստական տագնապներ յառաջացնելով։ Պերլինի ճամբաներուն վրայ պատահած իրերայաջորդ երեք դէպքերը ցոյց կու տան, թէ մէկ ամսուան մէջ բան մը փոխուած է Մոսկուայի տրամադրութիւններուն մէջ։ Այս տպաւորութիւնը աւելի կը շեշտուի, եթէ նկատի ունենանք Խրուշչեւի վերջին յայտարարութիւնները. «Եթէ ամերիկացիք պնդէին, պիտի ստիպուէին անցնիլ մեր դիակներուն վրայէն»։