Նախապէս եղած կարգադրութեամբ մը, «Երուանդ Օտեան» թատերախումբը իր համակիրներով, որոնց թիւը մօտաւորապէս 100-ի կը հասնէր, ներկայացաւ Լիբանանի հայ ազգային բուժարան:
Ժամը 4:00-ին անոնց մուտքը մեծ խանդավառութեամբ ընդունուեցաւ մեր սիրելի եղբայրներուն եւ քոյրերուն կողմէ: Միութեան ատենապետ Յարութիւն Անտոնեան բեմ բարձրանալով՝ հակիրճ խօսքերով բացատրեց թատերախումբին նպատակն ու տրամադրութիւնները՝ հանդէպ բոլոր հայկական միութեանց եւ գըլխաւորաբար Ազունիէի բուժարանին: Ժամը 4:30-ին բեմը բացուեցաւ եւ խումբը, գլխաւորութեամբ Մարտիրոս Չայլեանին, ներկայացուց «Տայը Կարապետ» կատակերգութիւնը՝ երկու ժամ անընդհատ ծիծաղ պատճառելով ներկաներուն: «Տայի Կարապետ»-ին դերը ստանձնած էր խումբի ղեկավար Մարտիրոս Չայլեան, որ իր վարժ եւ ինքնավստահ խաղարկութեամբ բոլոր ներկաներուն ուշադրութիւնը կեդրոնացուց իր վրայ: Սաթին Հանըմի դերով Ազատուհի Հաստճեան, Օգսէնի դերով Յարութիւն Տեմիրճեան (Չիմզիմօ), Անգինէի դերով Շաքէ Անտոնեան, քահանայի դերով Յարութիւն Քալթաքեան, Ժիրայի դերով Կարապետ Գրիգորեան՝ գոհացուցիչ խաղարկութիւն մը ցոյց տուին: Ներկայացումէն ետք գործադրուեցաւ գեղարուեստական յայտագիր մը՝ գլխաւորութեամբ նուագախումբին, որուն կը մասնակցէին ջութակ՝ Սեդրակ Էսմերեան, աքորտիէոն՝ Յարութիւն Եղիկեան, քլարինեթ՝ Արշակ Խնդիրեան, սազ՝ Միսակ Շահինեան: Նուագուեցան հայկական եւ արաբական եղանակներ, տեղի ունեցան նաեւ հայկական շուրջպարեր, մենապարեր եւ արաբական տապքէ մը: Երեկոյթին խանդավառութիւնը իր գագաթնակէտին հասաւ, երբ ներկաներուն բուռն փափաքով բեմ բարձրացաւ Լեւոն Գաթրճեան իր զուլալ ու անուշ ձայնով երգեց Սեդրակ Էսմերեանի «Պանդուխտ աշուղը» սիրերգը եւ ժողովրդական «Դու անմեղ ես» երգը: Գիշերուան ժամը 9:00-ին խումբը հրաժեշտ տուաւ՝ խոստանալով յաճախ նման այցելութիւններով զուարճացնել բոլորին գուրգուրանքին ենթակայ բուժարանին հիւրերը: