Հարաւային Ֆրանսա (Մարսիլիոյ շրջան), որ  Հայաստանեայց եկեղեցւոյ թեմերէն մէկն է հինէն ի վեր եւ վերջին տասնամեակի ընթացքին մնացած էր անկազմակերպ վիճակի մէջ,

վերջերս գումարած է ընդհանուր ժողով մը, մասնակցութեամբ թեմի ութ եկեղեցիներուն։ Ընդհանուր ժողովը առաջացուցած է 11 հոգինոց Կեդրոնական Վարչութիւն մը, որ իր կարգին միաձայնութեամբ թեմի առաջնորդ ընտրած է Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Միաբանութենէն գերշ. Տ. Արտաւազդ Ծ.վրդ. Թրթրեանը։

Պոլսոյ «Մարմարա» թերթը կը գրէ թէ՝ այլեւս   իրականութիւն դարձած կարելի է նկատել Ամենայն հայոց կաթողիկոսի Երուսաղէմ այցելութիւնը, որ տեղի պիտի ունենայ Հոկտեմբերի սկիզբը։ Ըստ «Մարմարա»ի քաղած տեղեկութեանց, Երուսաղէմի մէջ պիտի գումարուի մասնաւոր ժողով մը, նախագահութեամբ Վազգէն կաթողիկոսի եւ մասնակցութեամբ Երուսաղէմի պատրիարք Եղիշէ արք. Տէրտէրեանի եւ Ս. Յարութեան տաճարի վերանորոգութեան յանձնախումբի անդամներուն, որոնք մօտերս Ամերիկայէն եւ այլ երկիրներէ պիտի հասնին Երուսաղէմ։ Մասնաւոր յայտագիր մը պատրաստուած է - կը գրէ թերթը- փառաշուք ընդունելութեան մը համար։ «Մարմարա» կþըսէ նաեւ թէ՝ ստոյգ տեղեկութեանց համաձայն, Յորդանանի թագաւոր կարգադրութեամբ, պալատին մէջ ընդունելութիւն մը պիտի սարքուի։ Հաւանական կը նկատուի նաեւ, որ Երուսաղէմ հրաւիրուի Պոլսոյ պատրիարքը։ Վազգէն կաթողիկոս պիտի աշխատի Պատրիարքներու յարաբերութիւնները բարելաւել, կ'աւելցնէ թերթը։ Երկու պատրիարքներու յարաբերութիւնները, ինչպէս ծանօթ է, ժամանակէ մը ի վեր լաւ չեն։ Երուսաղէմէն յետոյ, Վազգէն կաթողիկոս պիտի այցելէ զանազան հայաշատ կեդրոններ, Հնդկաստանի եւ Աւստրալիոյ հայ գաղութներուն։ «Մարմարա» նոյն թիւին մէջ կը տեղեկացնէ թէ Ամենայն հայոց հայրապետը մօտէն կը հետաքրքրուի Ս. Էջմիածնի վեհարանի կահաւորման գործով։ Վեհափառը անցեալ ամիս գացած էր Չեխոսլովաքիա, անձամբ զբաղելու համար կարասիներու գործով։