Աթէնքի Համազգայինի վարչութեան կազմակերպած պրն. Պօղոս Սնապեանի երկրորդ դասախօսութիւնը եղաւ Գոքինիոյ մէջ։

Դասախօսութեան նիւթն էր «Ազգային տարրը Հայաստանի բանաստեղծներուն մօտ։ Այս ալ հետաքրքրական դասախօսութիւմ մը եղաւ, իրաւ հայերուն համար խիստ քաջալերական իսկ չակերտաւոր հայաստանասէրներու համար՝ հրահանգիչ ու թելադրական։ Յարգելի դասախօսը գեղեցիկ փունջ մը կազմած էր Հայաստանի բանաստեղծներու ստեղծագործութիւններէն, ամէն մէկը գովերգութիւն մը հայրենի մեր բնութեան, այլ եւ աչքերու, մտքերու եւ հոգիներու ճախրանքներ, սահմանէն անդին, պատմական Հայաստանի վայրերու վերեւ, զանոնք ալ ազատագրուած տեսնելու բուռն, կրքոտ ցանկութեամբ։ Մեզի համար, անբաւ գոհունակութիւն մըն է հաստատել մեր գրական անդաստանէն ներս մուտքը Պ. Սնապեանի նման երիտասարդ մտաւորականի մը, որ համեմատաբար կարճատեւ շրջանի մը ընթացքին, իսկական գրագէտի համբաւ շահեցաւ որքան իր հրատարակութիւններով, նոյնքան ալ իր աշխատակցութիւններով գրական մեր թերթերուն։ Կը յուսանք թէ՝ Պ. Սնապեան կրկին առիթը պիտի ընծայէ մեզի իր խնամուած դասախօսութիւնները ըմբոշխնելու Աթէնքի մէջ։

Շաբաթ երեկոյ, օդային գծով Փարիզէն Աթէնք   վերադարձաւ Ազգային Արմատական Միութեան (ԷՌԷ) պետ եւ նախկին վարչապետ պրն. Գարամանլիս։ Ան ընդունուեցաւ պրն. Քանելոբուլոսի, Ռոտոբուլոսի, Բաբալիղուրասի եւ բարեկամներու կողմէ։ Պրն. Գարամանլիսի ժամանումը իր փափաքով գաղտնի պահուած էր, որպէսզի ընդունելութիւն չկազմակերպուի։ Պրն. Գարամանլիս մամլոյ ներկայացուցիչներուն խօսելով ըսաւ. «Յառաջիկայ ընտրութեանց ընթացքին գլխաւորաբար պիտի որոշուի որ՝ ազատ իրաւակարգը պիտի վերապրի՝ մեր երկրին մէջ, թէ երկիրը պիտի մտնէ արկածախնդրութեան մէջ, աննախատեսելի հետեւանքներով։ եթէ կ'ուզենք որ վերապրի, հելլէն ժողովուրդը պէտք է լաւ դաս մը տայ անոնց՝ որոնք երկրի հանրային կեանքին մէջ մնայուն զարտուղութիւն եղան»։