Սեպտեմբերին, Պարսկաստանի մէջ տեղի ունեցան Խորհրդարանի եւ Ծերակոյտի ընտրութիւններ, որոնց ընթացքին Պարսկահայութեան կողմէ թեկնածու նշանակուած էին
նախորդ Խորհրդարանի անդամներ՝ ընկ. Սեւակ Սագինեան եւ պրն. Ֆելիքս Աղայեան, որոնք մեծ համակրանք ու վստահութիւն կը վայելեն ոչ միայն հայ գաղութի, այլ նաեւ պարզիկ պաշտօնական ու ժողովրդական շրջանակներու մօտ։ Ուրախութեամբ կը հաղորդենք թէ՝ Դաշնակցութեան հովանաւորութիւնը վայելող երկու թեկնածուները Խորհրդարանի անդամ ընտրուած են, ընկ. Սագինեան՝ Հարաւային եւ պրն. Աղայեան՝ Հիւսիսային Պարսկահայութեան կողմէ։
Իտալական կառավարութիւնը ազդարարեց՝ թէ ազգային տնտեսութիւնը լուրջ վտանգի առջեւ կը գտնուի։ Կառավարութիւնը կարգ մը միջոցներ առաջարկեց՝ արտադրութիւնը աւելցնելու եւ սպառումը սահմանափակելու համար։ Կառավարութիւնը շեշտեց թէ՝ երկրի ոսկիի եւ տարադրամանիշի պահեստները թէեւ շատ լաւ վիճակի մէջ են եւ կրնան երկրի կարիքները բաւարարել, սակայն, բաւական չէ ասիկա։
Ֆրանսացի հռչակաւոր գրագէտ Ժան Փոլ Սարթը եւ գրագիտուհի Սիմոն տը Պովուար երեք օր Հայաստան անցուցած են։ Ժան Փոլ Սարթր տեսակցած է Հայաստանի ազգային գրականութեան ներկայացուցիչներուն հետ եւ այցելած Վազգէն Ա. կաթողիկոսին։ Հայաստանի մայրաքաղաքը հրապուրած է ֆրանսացի գրողները։ «Երեւանը արտայայտութիւնն է հայ ժողովուրդի ուժին եւ եռանդին», ըսած է Ժան Փոլ Սարթր։ Ան աւելցուցած է թէ երբեք չէ տեսած քաղաք մը, որուն բնակչութիւնը այնքան կարճ ժամանակի մը ընթացքին ¥մօտ քառասուն տարի¤, 20.000-էն կը հասնի 600.000-ի։
Վերջ գտած են բարձրագոյն ուսումնական հաստատութիւններու նոր շրջանի արձանագրութիւնները։ Հայաստանի դպրոցներու ցերեկօթիկ, գիշերային եւ հեռակայ բաժիններուն մէջ պիտի սորվին մօտ 12.000 ուսանողներ։