Կեսարիայէն 16 Սեպտեմբեր թուականով կը գրեն.- Խաչվերացի արարողութիւնները տեղի ունեցան քաղաքիս Ս. Լուսաւորիչ եկեղեցիին մէջ, սովորական շուքով, մեր վաստակաւոր հոգեւոր հովիւ Հայկազուն Ա. քհնյ. Կարապետեանի կողմէ:

Հակառակ անոր որ արձակուրդի մէջ եղող դպիր ուսանողները իրենց տեղերը վերադարձած էին, մնացեալ քիչով ալ առաւօտ եւ երեկոյ կանոնաւոր եւ անպակաս կատարուեցան բոլոր երգեցողութիւնները եւ պաշտամունքները: Առաւօտեան ժամը 6:00-ին սկսան ժամերգութիւնները: Թէեւ ապուխտաշինութեան աշխատանքները շաբաթէ մը ի վեր սկսուած ըլլալուն պատճառով սովորական խուռներամ բազմութիւնը չկար, սակայն դարձեալ քանի մը հարիւր երկսեռ հաւատացեալներ եկեղեցի փութացած էին, որոնց մէջ կը գտնուէին նաեւ Պէյրութէն եկող ազգայիններ ալ: Տէր Հայկազուն կը մատուցէր օրուան հանդիսաւոր տօնական պատարագը: Երեկոյեան Վերացման խաչի արարողութիւնն ալ տեղի ունեցաւ կանոնաւորապէս՝ նախագահութեամբ Հայկազուն քահանայի: Ս. Խաչի մեռելոցի առթիւ տէր հայրը քաղաքիս եւ համայնքին ընդհանուր ննջեցելոց յիշատակին հոգեհանգըստեան հանդիսաւոր պաշտօն կատարեց: Հոս երկու օրէ ի վեր կարկտախառն սաստիկ անձրեւներ տեղալ սկսան: Գիւղերու մէջ հունձքը այնքան առատ է, որ թերեւս մինչեւ ձիւն տեղալու ժամանակ ալ տեւէ: Շատ մը գիւղեր նախնական կամներով կը կամնեն իրենց հունձքը, ինչ որ շատ դժուարին է եւ երկար ժամանակի կը կարօտի:
 

Պոսթընի «Հայաստան քեմփ»ի Հայ երիտասարդական դաշնակցութեան բաժնին մէջ, կատարուած է բացումը հայրենանուէր զօր. Գարեգին Նժդեհի կիսանդրիին: Հանդիսութեան բացումը կատարուած է ամերիկեան ազգային երգով եւ «Յառաջ նահատակ»ով, զորս տպաւորիչ կերպով երգած է Անահիտ Չենկելեան: Բացման խօսքը կատարեց Ճէյմս Թաշճեան։ Ապա կապոյտ ծածկոցը վար առնուած է կիսանդրիին վրայէն ժողովրդական խանդավառ ծափերու մէջ: Խօսած են նաեւ Հ. Ե. Դաշնակցութեան կողմէ, ՀՕՄ-ի կողմէ ու գրագէտ Համաստեղ: Կիսան- դրին գործն է լիբանանահայ տաղանդաւոր արձանագործ Զաւէն Խտըշեանի: