Ս. Խաչի տօնը, Հիւսիսային Յունաստանի հայերուս համար, կրօնական եւ ազգային ոգեւորութեան մեծ առիթ մը դարձած է։
Ութ տարի է որ Մակեդոնիոյ եւ Թրակիոյ Գթ. Խաչի Շրջանային վարչութիւնը, ուխտագնացութիւն կը կազմակերպէ դէպի Գավալա, միաժամանակ իր բոլոր մասնաճիւղերով։ Գավալայէն, Թրակիայէն, Մակեդոնիայէն ինչպէս նաեւ Աթէնքէն մեծ թիւ ուխտաւորներ հաւաքուեցան Կիրակի առաւօտեան եկեղեցական արարողութեան։ Իբր ուխտագնացութեան կազմակերպիչ միութիւն, նախ երգուեցաւ Հ. Գթ. Խաչի քայլերգը, ապա՝ ի պատիւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի, որ ամէն տարի զօրավիգ կը հանդիսանայ այս ուխտագնացութեան, երգուեցաւ իր Քայլերգը։ Պատարագի երգեցողութիւնները կատարուեցան քաղաքի երկսեռ երգչախումբին կողմէ, ղեկավարութեամբ Արթիւր Մորճիկեանի։ Պատարագիչն էր թեմակալ առաջնորդ Սրբազան հայրը։ Ան իր քարոզին մէջ վեր առաւ հայ եկեղեցւոյ եւ հայ մշակոյթի մեծ դերը ազգապահպանման գործին մէջ։ Յաջորդաբար, տեղի ունեցաւ մատաղօրհնութիւն։ Կէսօրէ ետք, հանդէսի կազմակերպիչ յանձնախումբ մը կազմուեցաւ որ ներկայ ուժերը նկատի առնելով յայտագիր մը պատրաստեց։ Արտասանեցին՝ Արաքսի Աբէլեան, Հերմինէ Գալայճեան, Սոնա Պէրէօքճեան, Սօսի Տերանեան, Էֆի Գըլըճեան եւ Ազնիւ Չիլինկիրեան։ Ապա՝ նախագահը հրաւիրեց հիւրաբար Յունաստան գտնուող ծանօթ գրող եւ «Բագին» ամսագրի խմբագիր պրն. Պօղոս Սնապեանը քանի մը խօսք ըսելու։ Խօսեցաւ նաեւ օր. Մաննիկ Պէօրէքճեան, որ երիտասարդութեան կողմէ խոստացաւ չդաւաճանել իր դերին եւ ըսաւ որ Հ. Յ. Դ. Երիտասարդացի անդամները կը վստահեցնեն թէ պիտի ընթանան անյողդողդ ու անվեհեր, իրենց ղեկավարներու ճամբէն ու պիտի շարունակեն իրենց աշխատանքը։ Թեսաղոնիկէի երկսեռ երգչախումբը քառաձայն երգեց մի քանի հայկական երգեր ու սրբազան հայրը ոգեւորուելով առաջարկեց որ կարգ մը երգեր հայթայթէ ինք եւ երգահանդէս մը սարքուի նախ Թեսաղոնիկէի եւ ապա Աթէնքի մէջ։