Հայաստանի բժշկական բոլոր հաստատութիւնները օրէ օր կը հարստանան նոր սարքաւորումներով։

Երեւանի բժշկական ուսումնարանի վիրաբուժական ամպիոնը վերջերս օժտուած է պատկերասփիւռի գործիքով մը, որ կարելիութիւնը կ'ընծայէ ուսանողներուն, նստած իրենց դասարաններուն մէջ, դիտել վիրաբուժական գործողութիւնը որ կը կատարուի վիրաբուժական սրահին մէջ, ու միաժամանակ լսել դասախօսութիւնը, որ տեղի կþունենայ ամպիոնէն։ Այս սարքաւորումը առաջինն է ամբողջ Անդրկովկասի մէջ։ Պատկերասփիւռին առաւելութիւնն այն է, որ գործողութեան կրնան հետեւիլ բազմաթիւ ուսանողներ, առանց նեղութիւն պատճառելու վիրաբոյժներուն։ Երկրորդ, պատկերասփիւռով կարելի է նաեւ նկարահանել, որով վիրաբոյժը գործողութենէն ետքը կրնան լրիւ բացատրել կատարուած վիրահատումը։

 

Պետական Հրատարակչականը լոյս ընծայած է «Հայկական Խոհանոց» խորագրով գիրք մը։ Տանտիկիններուն համար կարեւոր հատոր մը, որ կը սորվեցնէ համեղ եւ առողջապահական տեսակէտով լիարժէք կերակուրներ պատրաստել։ Գիրքին մէջ կը ներկայացուին 500 տեսակ կերակուրներ վարպետ խոհարարներու ցուցմունքով։ Խոհարակական տարազներով կամ բացատրութեանց մասին իր լայն օժանդակութիւնը ցոյց տուած է Գիտութեանց ակադեմիայի լեզուաբանական բաժանումը։ Կերակուրներու հայերէն անունները ճշդելու աշխատանքին մասնակցած են փրոֆ. Սուրէն Նրեմեան, Արարատ Ղարիպեան, Գուրգէն Սեւակ, Էզ. Աղայեան։

 

Երեւանի ոսկերչական գործարանը կ'արտադրէ «Նայիրի» վաճառանիշով «կափարիչաւոր մատանիներ» եւ «ապարանջան-ժամացոյցներ»։ Գործարանին ճարտարագէտ վարիչն է Ռոպերթ Նաւասարդեան։ Այս ճարտարագէտն է որ ստեղծած է «կափարիչաւոր մատանի-ժամացոյցի» ձեւ մը։ Այս ձեւի ժամացոյցներուն ոսկեայ պատեանը կը կշռէ եօթը կրամ, որու վրայ ակատ կոչուած սեւ թանկագին քար մը կայ։