Սեբաստիայէն կը հեռագրեն Պոլսոյ թերթերուն, թէ թուրք գիւղացիները, որոնք կը բնակին Կարսի, Արտահանի եւ Արարատի շրջանին մէջ եւ անասնաբուծութեամբ կը զբաղէին, երկարատեւ երաշտին պատճառով սկսած են գաղթել եւ երթալ հաստատուիլ կեդրոնական եւ արեւմտեան Անատոլու: Գիւղացիները կը յայտարարեն, թէ մնալով արեւելեան նահանգներուն մէջ՝ դատապարտուած են փճանալու անօթութեան պատճառով, իրենց հողերը բերք չեն տուած այս տարի երաշտին պատճառով: Ուստի կը նախընտրեն գործ ու բնակութիւն փնտռել դէպի արեւմուտք: Նոյն աղբիւրէն կը հաղորդուի, թէ Կարնոյ եւ Երզնկայի շրջաններուն մէջ եւս մեծ վնաս պատճառած է երաշտը: Արեւելքէն արեւմուտք գաղթի առաջին շարժումը չէ ասիկա: Վերջին պատերազմէն առաջ ալ թուրքերը, որոնք Թրակիայէն եւ Պալքանեան երկիրներէն փոխադրուած էին արեւելեան նահանգներ, չէին ուզեր մնալ այնտեղ եւ գաղտնօրէն կը գաղթէին դէպի արեւմուտք: Երբ հարց կը տրուէր պատճառը, կը պատասխանէին տխրօրէն. «Սիւնը տեղէն շարժեցաւ անգամ մը»: Իրականին մէջ երաշտը չէ պատճառը: Պատերազմի վախերուն ժամանակ «հարամ» հողը կայրէ այս եկուորներուն ոտքերը
Մոսկուայի ժողովրդական տնտեսութեան ցուցահանդէսին մէջ Հայաստան իր մնայուն տաղաւարը ունի տարիներէ ի վեր: Ներկայիս աշխատանքներ կը կատարուին ընդարձակելու համար հայկական տաղաւարը, որ նախկին երկու սրահներուն տեղ ինը սրահներ պիտի ունենայ, 1600 քառակուսի մեթր մակերեսով: Երկուքը պիտի պարփակեն եօթնամեակի առաջին երեք տարիներուն Հայաստանի արձանագրած յաջողութիւնները՝ արդիւնաբերութեան, գիտութեան, փոխադրութեան, արուեստի, առողջապահութեան եւ կրթական բնագաւառներու մէջ: Նորակառոյց սրահներէն մէկը պիտի յատկացուի հայրենի գիւղատնտեսութեան: Տաղաւարի վերակառուցման նախագիծին հեղինակն է ճարտարագէտ փրոֆ. Ս. Սաֆարեան: