Հ. Կ. Խաչի Շրջանային վարչութիւնը գեղեցիկ գաղափարը ունեցած էր ճաշի հրաւիրելու սկաուտական ճամբարին մասնակցած սկաուտները, որոնք Երկուշաբթի օրուընէ Ֆիքսի Սոֆիա Յակոբեան վարժարանը փոխադրուած են։
Չորեքշաբթի կէսօրին, Հ. Կ. Խաչի Շրջանային վարչութեան կողմէ յատկապէս վարձուած բուլման ինքնաշարժ մը Սոֆիա Յակոբեան վարժարանէն ճամբայ ելաւ դէպի Տրոսիայի կազդուրման կայանը, իր մէջ ունենալով հիւր հայ սկաուտները։ Կազդուրման կայանին մէջ սկաուտները դիմաւորուեցան Շրջանային վարչութեան, կայանի պաշտօնէութեան եւ աշակերտներուն կողմէ։ Կայանի ճաշարանի մեծ վրանին տակ բոլորը տեղ գրաւեցին եւ սկան ճաշակել Հ. Կ. Խաչի տիկիններու պատրաստած համեղ ճաշերը։ Ներկայ էին մօտ քառասուն հայ սկաուտներ եւ ղեկավարներ¬Ֆրանսայի Հայ Արիները, Լիբանանի Հ.Մ.Ը.Մ.ի սկաուտները եւ Արժանթինէն եղբ. Կարպիս Տէր Մեսրոպեանը։ Ճաշկերոյթին հրաւիրած էին նաեւ թեմակալ առաջնորդ սրբազան հայրը եւ տասնեակ մը այլ հիւրեր։ Շրջ. վարչութեան ատենապետուհի տիկին Սոնա Ներսէսեան քանի մը խօսքով Հ. Կ. Խաչի ուրախութիւնը յայտնեց հայ սկաուտներու Աթէնք ներկայութեան առթիւ եւ բարի գալուստ մաղթելով ըսաւ թէ՝ Կ. Խաչը, կայանի պաշտօնէութիւնը եւ աշակերտութիւնը ուրախ են որ այսօր հայ սկաուտները իրենց հիւրն են։ Ճաշի ընթացքին ներկաները իրարու հետ ունեցան սիրալիր խօսակցութիւններ։ Ապա երկու ժամի չափ հանգստանալէ ետք, Շրջ. վարչութեան անդամուհիները լուսանկարուեցան մեր սիրելի սկաուտներուն հետ։ Ժամը 4։30-ին, սկաուտ խմբապետները շնորհակալութիւն յայտնելով եղած հիւրասիրութեան համար, սկաուտներուն հետ ինքնաշարժ մտնելով ուղղուեցան դէպի Մարաթոնի լիճը, ուր կարճ պտոյտ մը կատարելէ ետք, վերադարձան Յակոբեան վարժարան, նոյն երեկոյեան՝ Հ.Մ.Ը.Մ.ի տեղական վարչութեան կողմէ ի պատիւ իրենց կազմակերպուած հանդիսութեան ներկայ գտնուելու համար։