Ժամացոյց շինող գործարանը տենդագին կ՛աշ խատի: Երեւան այցելողները, իբրեւ յիշատակ, երեւանեան զարթուցիչներ կը բերեն արտասահման:
Իսկապէս սիրուն են այս ժամացոյցները: «Երեւան» թերթը կը գրէ (28 օգոստոս), թէ մեծ քանակութեամբ ապսպրանքներ կ՛ըլլան‘ Ռումանիայէն, Յունաստանէն, Պուլկարիայէն, Քուպայէն, Անգլիայէն, Հոլանտայէն, Կիպրոսէն, Իտալիայէն, Դանիայէն եւ դեռ բազմաթիւ այլ երկիրներէ: Ժամացոյցի գործարանը այս տարի 256 հազար նման ժամացոյց ղրկած է արտասահման: Այս տարի Ռումանիա ապսպրած է 108 հազար ժամացոյց, մինչեւ այժմ ղրկուած է 73 հազար, Քուպա ղրկուած է 35 հազար, Թունուզ‘ 5000, Թուրքիա պիտի ղրկուի 3000, Իրան ապսպրած է նուագող ժամացոյցներ:
Երեւանի համալսարանին մեծ դահլիճին մէջ վերջերս, տեղի ունեցաւ յուշ-երեկոյ մը‘ Հրաչեայ Աճառեանին նուիրուած, մեծանուն հայագէտին ու լեզուաբանին մահուան տասնամեակին առիթով, նախաձեռնութեամբ բանասիրութեան եւ գիտութեանց ուսումնարաններու վարչութեանց: Համալսարանին նախագահը‘ Վաչէ Նալբանդեան, բացման խօսքին վերջաւորութեան հրաւիրեց ներկաները յոտնկայս յարգել վաստակաշատ լեզուաբանին յիշատակը: Գիտութեանց ակադեմիայի թղթակից-անդամ Է. Աղայեան, որ աշակերտած է Հ. Աճառեանին, ներկայացուց վարպետին կեանքը եւ այն կոթողական գործերը, որոնք կը մնան իբրեւ արժէքաւոր նպաստ մը համաշխարհային լեզուաբանութեան մէջ: Վրաստանի գիտութեանց ակադեմիային կողմէ խօսեցաւ Ա. Չիկորաւա‘ ներկայացնելով Հ. Աճառեանը իբրեւ լազերէնի հետազօտութեան հեղինակ: Հայաստանի գիտութեանց ակադեմիային կողմէ‘ Լ. Մելիքսեթ-Բէկ‘ նիւթ ունենալով «Հ. Աճառեանը եւ Սայաթ Նովայի հարցը», որ նոր լոյս կը սփռէ լեզուաբանութեան եւ սայաթնովայագիտութեան վրայ: Խօսեցան նաեւ փրոֆեսէօրներ‘ Հ. Բարսեղեան (Հր. Աճառեանը հայոց լեզուի պատմութեան ուսումնասիրող), Գ. Սեւակ եւ Գ. Ջահուկեան, Աշոտ Յովհաննիսեան, Մօրուս Հասրաթեան եւ Ս. Բարխուդարեան: