- Երեւանի մշակութային հիմնարկութեանց մէջ այցելուներուն ուշադրութիւնը կը գրաւէ Գրականութեան եւ արուեստի թանգարանը: Այս հիմնարկութիւնն էր, որ հայ թատրոնի 2000-ամեակին նուիրեց մնայուն ցուցահանդէս մը, հայ գրողներուն նուիրեց յիշատակի ցուցահանդէս մը: Թանգարանը դարձած է արդէն հայագիտական կեդրոն մը: Եթէ Մատենադարանին մէջ հաւաքուած են հայ հոգեւոր մշակոյթին գանձերը՝ ամենահին ժամանակներէն մինչեւ ԺԸ. դար, միւս կողմէ՝ թանգարանին մէջ հաւաքուած են ԺԹ. եւ Ի. դարերու հայ գրականութեան, երաժշտութեան եւ թատերական գործունէութեան յիշատակները: Այս ձեւով թանգարանը կը հանդիսանայ Մատենադարանին շարունակութիւնը: Սփիւռքէն եւ Խորհրդային Միութեան խորերէն նորանոր նիւթեր կը հասնին ամէն օր՝ Աբովեանի, Տէրեանի, Չարենցի, լեզուաբան Լեւոն Մսիրեանի, բանահաւաք Ձիթունիի, բանաստեղծ Սիամանթոյի, գրագիտուհի Անայիսի վերաբերեալ: Մինչեւ այժմ հայ գրողներու եւ արուեստագէտներու ձեռագրերը, որոնք կը պահուին թանգարանին մէջ, կը հասնին մինչեւ կէս միլիոնի: Այս ձեռագրերուն հիման վրայ ժամանակակից գրողներու գործերուն գիտական հրատարակութեանց պիտի ձեռնարկուի յառաջիկային: Արեւմտահայ գրողներու ձեռագրերը շատ փոքր թիւ մը կը կազմէին, վերջերս մեծապէս աւելցաւ անոնց թիւը: Նոր ստացուած ձեռագրերուն մէջ հետաքրքըրութեան արժանի է բանաստեղծ Դանիէլ Վարուժանի դիւանը։ Այս դիւանը կը բաղկանայ բազմաթիւ ձեռագրերը, բանաստեղծին ինք- նագրութիւններէն, «Սարսուռներ» հատորին քերթուածներուն տարբերակներէն, որոնք մեծ կարեւորութիւն կը ներկայացնեն Վարուժանի գործերուն գիտական հրատարակութեան  համար: Վարուժանի դիւանին մէջ յայտնութիւն մը եղաւ. մինչեւ այժմ բանասիրութեան եւս անծանօթ, սկզբնական շրջանի գործ մը՝ «Ծաղկեփունջ» կամ «Բրգնիկցիի մը նուագները» քերթուածներու ժողովածու մը, որ պատրաստուեր է հրատարակութեան համար, բայց լոյս չէ տեսած՝ թրքական գրաքննութեան կողմէ արտօնութիւն ստացուած չըլլալով: