«Քրիսչըն Սայընս Մոնիթըր» հրատարակած էր տեսակցութիւն մը, զոր թերթին աշխատակիցը՝ Նիքոլաս Սլոնիմսքի ունեցած է Արամ Խաչատուրեանին հետ, Մոսկուայի մէջ:
Նիքոլաս Սլոնիմսքի, որ ամերիկացի երաժշտագէտ մըն է, հրաւիրուած է Խաչատուրեաններուն բնակա- րանը, ուր երեք ժամ տեսակցած է համբաւաւոր հայ երաժշտագէտին հետ: Նիքոլաս Սլոնիմսքի կը յիշեցնէ Արամ Խաչատուրեանին վայելած մեծ ժողովրդականութիւնը եւ կը յայտնէ, թէ ան, ծննդեան վաթսունամեակին առթիւ, բազմաթիւ շնորհաւորական նամակներ ստացած է աշխարհի բոլոր կողմերէն: Արամ Խաչատուրեան հարց տուած է թղթակիցին, թէ Նիւ Եորքի երաժշտական քննադատները ինչո՞ւ խստիւ քննադատած էին իր «Սպարտակ» անուն պալէն, որ Պոլշոյ թատերախումբին կողմէ հազիւ 1-2 օր ներկայացուած էր Նիւ Եորքի մէջ: Նիքոլաս Սլոնիմսքի կը յայտնէ նաեւ, թէ տիկին Արամ Խաչատուրեան, որ «հաւանաբար ամէնէն ինքնատիպ խորհրդային կին երգահանն է», հեղինակած է «Զոյա» անուն օփերա մը: Թղթակիցը «ռուսական» կը նկատէ տիկին Խաչատուրեանին երաժշտութիւնը, իսկ Արամ Խաչատուրեանի երաժշտութեան մէջ կը տեսնէ «Կովկասի արեւելեան մեղեդի»: Այր ու կին Խաչատուրեաններ առանձին անհատականութիւններ են արուեստի մէջ, եւ իրենց «ոճ»երը փոխադարձ ազդեցութիւն կրած չեն: «Քրիսչըն Սայընս Մոնիթր»-ի աշխատակիցը կը յայտնէ, թէ Արամ Խաչատուրեան փափաք յայտ- նած է Միացեալ Նահանգներ այցելելու: «Պոսթընի մէջ կայ հայկական մեծ գաղութ մը, որ վստահօրէն պիտի քաջալերէ նուագահանդէսներս», յայտարարած է Արամ Խաչատուրեան՝ Ամերիկայի մէջ քիչ մը երկար մնալու եւ երկիրն ալ տեսնելու բաղձանք յայտնելով: - Կը սիրեմ Ամերիկան, կը սիրեմ ամերիկացի ժողովուրդը,- շեշտած է հայ անուանի երգահանը:
Մօտ ատենէն Աթէնք պիտի գայ հռչակաւոր հայազգի երգահան, երգիչ եւ դերասան Շարլ Ազնաւուր, որ անցած Յուլիս 30-ին եւ 31-ին երկու անգամ երգեց Քալամաքիի ծանօթ կեդրոններէն մէկուն մէջ: